Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արիել Շարոն Ոչ Եւս Է

January 13, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արիել Շարոն
Արիել Շարոն

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը շաբաթ օր յայտարարեց, որ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Արիել Շարոն, որ ծանօթ է Լիբանանի իսրայէլեան ներխուժման ընթացքին Սապրա եւ Շաթիլա գաղթակայաններու ջարդերը գործադրելով, 8 տարի մահաքունի մէջ մնալէ ետք մահացած է: Ան 85 տարեկան էր:

Շարոն մահաքունի մէջ մտաւ յունուար 2006-ին, երբ ուղեղային կաթուած ունեցաւ: Օրին վեց ժամ տեւած գործողութիւնը որեւէ արդիւնք չտուաւ:

Շարոնի անունը հանրածանօթ դարձաւ իբրեւ պատերազմի ոճրագործ 1982-ին իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանան ներխուժման եւ պաղեստինեան Սապրա ու Շաթիլա գաղթակայաններուն մէջ տեղի ունեցած ջարդին պատճառով: Ան օրին Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարն էր: Իսրայէլեան դատական յատուկ յանձնախումբ մը զինք պատասխանատու նկատեց ջարդերուն` «զանոնք կանխարգիլելու համար բաւարար ջանք չթափելուն համար»: Ան այդ վճիռէն ետք ստիպուեցաւ հրաժարիլ իր պաշտօնէն:

Սեպտեմբեր 2000-ին ան դարձեալ լուսարձակները իր վրայ հրաւիրեց, երբ հակառակ պաղեստինեան բուռն ընդդիմութեան, Աքսայի մզկիթ այցելեց: Այցելութիւնը պատճառ դարձաւ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլեան ոստիկանութեան միջեւ բուռն բախումներու, որոնց պատճառով պաղեստինցիներուն շարքերուն մէջ 20 զոհ արձանագրուեցաւ: Շարոնի նշեալ այցելութենէն ետք ընթացք առաւ պաղեստինեան «Աքսայի ինթիֆատա»-ն, որ 4 տարի տեւեց:

Շարոն 2001-ին Իսրայէլի վարչապետ ընտրուեցաւ, իսկ 2004-ին միակողմանի քայլով մը իսրայէլեան բանակը հեռացուց Կազայէն:

«Պուլտոզըր» մակդիրը կրող Շարոն մասնակցած է 1948-ի պատերազմին, ինչպէս նաեւ 1956-ին Սինայի անապատ իսրայէլեան ներխուժման: 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմին ընթացքին ան իսրայէլեան բանակի զրահապատ զօրամասին հրամանատարն էր: 1973-ին ան ղեկավարած է Սուեզի ջրանցքին ճամբով արաբական բանակներուն դէմ իսրայէլեան հակայարձակումը` մեկուսացնելով Եգիպտոսի Երրորդ բանակը:

Այսօր Քնեսեթին մէջ տեղի պիտի ունենայ անոր պետական յուղարկաւորութիւնը, որուն պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթըր Շթայնմայըր եւ Միջին Արեւելքի միջազգային պատուիրակ Թոնի Պլեր:

Պաղեստինեան Համաս շարժումի բանբեր Սամի Ապու Զահրի Շարոնի մահը մեկնաբանելով նշեց, որ անոր մահը պաղեստինցի ժողովուրդին համար «պատմական պահ» մըն է, իսկ Ֆաթհ շարժումի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ժըպրիլ Ռաժուպ յայտնեց, որ «կը փափաքէինք, որ ան Լա Հէյի դատարանին առջեւ պաղեստինցի ժողովուրդին ու անոր ղեկավարութեան դէմ գործած ոճիրներուն համար իբրեւ պատերազմի ոճրագործ դատուի»: Ռաժուպ Շարոնը պատասխանատու նկատեց Եասեր Արաֆաթի սպանութեան համար:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ բուռն քննադատութեան ենթարկեցին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը` Շարոնի մահուան լուրը չմեկնաբանելուն համար:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը նշեց, որ Ապպաս մինչեւ հիմա չէ մեկնաբանած Շարոնի մահը, ինչ որ կը յստակացնէ անոր ցոյց չտուած եւ պահել ջանացած ծայրայեղական կեցուածքները:

Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բազմաթիւ պաղեստինցիներ շաբաթ օր տօնած են Շարունի մահը` նշելով, որ Ֆաթհ եւ Համաս անոր մահը տօնեցին, իսկ Կազայի մէջ այս առիթով անուշեղէն հրամցուեցաւ

Նախորդը

Թրքական Լրատուամիջոցներ Հայերը Կը Մեղադրեն Անին Աւերելու Յանցանքով

Յաջորդը

Հէյկ Քաղաքական Փոխզիջումի Այլընտրանքի Չգոյութիւնը Կը Շեշտէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.