
Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Գահիրէի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ կրնայ ստիպուիլ նախագահի պաշտօնին թեկնածու ներկայանալ, եթէ ժողովուրդը այդ մէկը իրմէ պահանջէ եւ բանակէն այդ ուղղութեամբ լիազօրութիւն ստանայ:
Ան եգիպտացի ժողովուրդին կոչ ուղղեց մասնակցելու երկրին նոր սահմանադրութեան շուրջ երեքշաբթի օր նախատեսուած հանրաքուէին:
Նոր սահմանադրութեան նախագիծին զօրակցող քաղաքական ուժերն ու կուսակցութիւնները աշխուժացուցին քարոզարշաւը` ժողովուրդը հանրաքուէին մասնակցութեան մղելու համար: Միւս կողմէ, Իսլամ եղբայրներուն աջակցող Օրինականութեան աջակցութեան ազգային դաշինքը կը շարունակէ ժողովուրդին կոչ ուղղել հանրաքուէն պոյքոթի ենթարկելու:
Նշեալ հանրաքուէէն երկու օր առաջ, եգիպտական բանակը երէկ ներքին գործոց նախարարութեան եւ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին հետ համակարգաբար աւելի քան 160 հազար սպայ ու զինուոր յատկացուց` հանրաքուէի ընթացքին քուէարկողներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար:


