Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՄՇԱԿՈՒՄԸ` ԳՐԵԹԷ ԱՄԲՈՂՋԱՑԱԾ

June 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան Աշխատանքային նիստի մշակման յանձնախումբը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ  նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նախարարական յանձնախումբի նիստին, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ յանձնախումբը գրեթէ ամբողջացուցած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումը` աւելցնելով, որ վարչապետը իր մշակած ծրագիրին առաջին նախագիծը ներկայացուցած է նիստին, որուն ընթացքին շեշտուած է, թէ կառավարութիւնը պիտի որդեգրէ Լիբանանի ազգային սկզբունքները, որոնց շարքին նաեւ ժողովուրդ-բանակ-Դիմադրութիւն եռեակ տարազը:

Տաուք նշեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին կէսէն աւելին վաւերացուած է արդէն նկատել տալով նաեւ, որ կառավարութիւնը յանձնառու է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառներուն բացայայտման` աւելցնելով, որ տակաւին Միջազգային դատական ատեանին գծով յստակ բանաձեւում չէ կատարուած:

Նշենք, որ յանձնախումբը իր նիստերը պիտի շարունակէ այսօր եւ վաղը, որպէսզի կարենայ շուտով վերջնականացնել աշխատանքային ծրագիրը, որ պիտի ընդգրկէ այնպիսի խոստումներ, որոնց գործադրութիւնը կարելի պիտի ըլլայ:

ԴԱՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ դատական իշխանութիւնները այս կամ այն կողմը թիրախ դարձնելու, վարկաբեկելու եւ զրպարտելու նպատակ պէտք չէ հետապնդեն, այլ պէտք է արդարութիւն պարտադրող վճիռներ արձակեն` պահպանելով իրենց անկողմնակալ եւ պարկեշտ աշխատանքը:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները պիտի զօրակցին դատական իշխանութեան, որպէսզի ան արդարութիւն պարտադրէ երկրին մէջ:

Վարչապետ Միքաթի այս յայտարարութիւնները կատարեց վարչապետարանին մէջ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի, ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի եւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի անդամներուն հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին:

Վարչապետը ընդգծեց, որ դատական իշխանութիւններուն հետ իր հանդիպումին նպատակն է Լիբանանի բոլոր դատաւորներուն եւ դատախազներուն փոխանցել այն պատգամը, թէ կարելի չէ դատական թղթածրարները քաղաքականացնել, որովհետեւ այդ մէկը կողմնակալութիւն է եւ դատական իշխանութիւններուն անկախաբար աշխատելու իրականութիւնը խոցելի կը դարձնէ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան վստահելիութիւնը կը խախտէ:

Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ Միքաթի ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապը եւ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասը, որոնց հետ քննարկեց անոնց ստանձնած նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որ Միքաթիի հետ քննարկեց Կեդրոնական դրամատան որդեգրած քայլերը` պահպանելու համար Լիբանանի շուկային մէջ լիբանանեան դրամանիշին կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու համար անոր նկատմամբ միջազգային վստահութիւնը:

 

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ ՈՒԻԼԻԸՄԶԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԵՒԱՆԳՄԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ . ԷՍԹՈՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։