
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ ճարտարարուեստի բարգաւաճման ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Քրիսթիանօ Փասինին, որ Լիբանանի մէջ այս ամսուան ընթացքին ստանձնեց իր պարտականութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ՄԱԿ-ի կողմէ գնուած լիբանանեան արտադրութիւններու թղթածրարը:
Քննարկուեցաւ նաեւ այս ամսուան աւարտին տեղի ունենալիք խորհրդաժողովը, որուն պիտի մասնակցին Լիբանանի մէջ գործող ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւնները:
Խորհրդաժողովին նպատակն է լիբանանցի գործարարներն ու առեւտրականները տեղեակ պահել միջազգային կազմակերպութիւններուն որդեգրած գնումի ծրագիրներէն:
Վ. Սապունճեան շեշտեց լիբանանցի գործարարներուն ու ճարտարարուեստի մարզի սեփանակատէրերուն եւ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւնը պահպանող կեդրոն մը հաստատելու կարեւորութիւնը:


