
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ Կուանթանամոյի մէջ գտնուող բանտը միայն կը թուլացնէ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութիւնը:
«Պաշտօնս ստանձնելէ ետք բազմիցս կոչ ուղղած եմ Քոնկրեսին աշխատակազմիս հետ աշխատելու Քուպայի մէջ գտնուող Կուանթանամոյի բանտը փակելու ուղղութեամբ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ բանտին աշխատանքը կը թուլացնէ ազգային անվտանգութիւնը, կը վատնէ ներուժները, կը վնասէ դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ յարաբերութիւններուն…
Ըստ նախագահին, իր կողմէ ստորագրուած Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան ծախսերու մասին օրէնքը կ՛ընդլայնէ կալանաւորները` Կուանթանամոյէն այլ երկիրներ տեղափոխելու հարցին մէջ ամերիկեան վարչակազմին կարելիութիւնները:
Ան այս փաստաթուղթը բանտի փակման ուղղութեամբ մէկ քայլ յառաջ նկատած է:
Օպամա 2008-ի նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ խոստացած էր Կուանթանամոյի բանտը փակել:


