Երէկ` երկուշաբթի, 30 դեկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ մրցանիշ հաստատած Սարգիս Յովսէփեան նշանակուեցաւ Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքէջը:
ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ակումբի նախագահ Ռաֆիկ Հայրապետեան Ամանորէն առաջ հանդիպում ունեցաւ Փիւնիկի մարզիչներուն եւ աշխատակիցներուն հետ, որուն ընթացքին ներկայացուց ակումբին գլխաւոր նոր մարզիչը:
Յովսէփեան, որ անցեալին եղած է Փիւնիկի խմբապետը` ստանձնելով իր պաշտօնը պիտի պատրաստուի Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկրորդ կիսուն:
Հայրապետեան յաջողութիւն եւ յաղթանակներ մաղթեց Յովսէփեանին` Փիւնիկի համար այս դժուարին ժամանակահատուածին ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան նոյեմբերին Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հեռացուեցաւ Ռաֆայէլ Նազարեան, իսկ ախոյեանութեան վերջին երկու մրցումներուն խումբը ելոյթ ունեցաւ Վարազդատ Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ:


