Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2013-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն եւ Ս. պատարագ` քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոս Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով: Արարողութեանց նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի հայոց թեմին մէջ ծառայող քահանայ հայրերն ու հայ առաքելական եկեղեցիներու սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները:
Քարոզի պահուն առաջնորդ սրբազանը յիշեցուց, որ ամէն տարի Ս. Ստեփանոսին յիշատակութիւնը կատարելով, կը ջանանք մեր մէջ վերակենդանացնել անոր հաւատքի եւ ծառայութեան օրինակը, որպէսզի մենք ալ, Ս. Հոգիով զօրացած, ծառայական մեր աշխատանքներուն ընդմէջէն զԱստուած արտայայտենք մեր շրջապատին մէջ եւ մեր յանձնառութիւններուն ընդմէջէն լոյս, բարիք եւ օրհնութիւն տարածենք մեր ընկերութեան մէջ:
Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, կազմակերպութեամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» Եռագոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որուն մասնակցեցան քահանայ հայրեր, թեմին մէջ ծառայող սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նշեց, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը մեզ կը հրաւիրէ կրօնական պատշաճ արարողութեամբ վերջինիս նահատակութիւնը փառաբանելու, իսկ այս առիթով կազմակերպուած սիրոյ սեղանը առիթ կ՛ընծայէ, որ իբրեւ եկեղեցւոյ սպասաւորներ ու գործակիցներ քով-քովի հաւաքուինք, որպէսզի ծառայական մեր կեանքին համար իրարմով զօրանանք եւ քաջալերուինք:
Սիրոյ սեղանի աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, բարձրօրէն գնահատելով թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող մեր սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն, դպիր-դպրուհիներուն եւ աշխարհական սպասաւորներուն նուիրումը, յիշեցուց, որ միահամուռ մասնակցութեամբ եւ նուիրեալ ծառայութեամբ միայն շէն ու պայծառ կրնան մնալ մեր եկեղեցիները եւ աշխարհի մէջ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան ճամբով միայն կարելի է գործակիցը ըլլալ Քրիստոսի:


