Երէկ` երկուշաբթի, 30 դեկտեմբերին, Պուրճ Համուտի մէջ տիրող տօնական մթնոլորտը առաւել եւս խանդավառուեցաւ, երբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան Կաղանդ պապային զանգակին ձայնը հնչեց, երեւցաւ ան եւ նուէրներ բաժնեց անցորդ մանուկներուն ու պատանիներուն: Կաղանդ պապային ներկայութիւնը Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ գրաւիչ ու հետաքրքրական էր ոչ միայն մանուկներուն, այլ նաեւ չափահասներուն համար, որովհետեւ ան ամանորեան տրամադրութիւն կը ստեղծէր եւ իր նուէրներով կ՛երջանկացնէր փոքրիկ անցորդները:
Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան այն ձեռնարկներուն, որոնց ընդմէջէն ան կը միտի տօնական օրերու ընթացքին ուրախութիւն սերմանել մանուկներու սրտերուն մէջ:
Կաղանդ պապան այսօր եւս ներկայ պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ եւ նուէրներ բաժնէ անցորդ փոքրիկներուն:


