Կ՛ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Նոր տարուան գիշերը` երեքշաբթի, 31 դեկտեմբեր 2013-ի կէս գիշերին, յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ` նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Իսկ սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի յաջորդ օր` չորեքշաբթի, 1 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ Նոր տարուան շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի, եւ այս առիթով իր հայրական պատգամը պիտի յղէ մեր ժողովուրդին:
Նոր տարուան առիթով երեքշաբթի, 31 դեկտեմբերին վեհափառ հայրապետը պատգամ մը պիտի յղէ մեր Ժողովուրդին կաթողիկոսարանի կայքէջին ճամբով:
Դարձեալ Նոր տարուան առիթով վեհափառ հայրապետը հարցազրոյց մը պիտի ունենայ «Օ. Թի. Վի.»-ի հայկական բաժինին հետ, չորեքշաբթի, 1 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը Նոր տարին դիմաւորելու Աստուծոյ ուղղուած գոհաբանական աղօթքով եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ


