ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը այս տարի եւս նախաձեռնեց բարեսիրական այցելութիւններու շարքի մը` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ առիթներով, հովանաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւններուն:
ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը իր բարեսիրական այցելութիւններուն սկսաւ շաբաթ, 28 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8:30-ին, այցելելով Հայ ազգային բուժարանը (Ազունիէ) եւ ՔԱՀԼ` Կաղանդ պապուկի եւ Կաղանդ մամիկի ընկերակցութեամբ: Հոն գտնուող մամիկներն ու պապիկները արդէն իսկ անհամբեր կը սպասէին շեփորախումբին` վայելելու համար Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ նուագներ. ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը նպատակ ունի ուրախացնել զիրենք, ինչպէս նաեւ տօնական ճոխ մթնոլորտ ստեղծել հոն գտնուող մամիկներուն ու պապիկներուն համար եւ զգացնել, թէ իրենք առանձին չեն, այլ կան իրենց մասին մտածողներ, որոնք պատրաստ են ժամանակ տրամադրելու իրենց: Շեփորախումբի անդամները աւետեցին Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը, նաեւ մաղթեցին, որ 2014 տարին ըլլայ խաղաղ տարի մը ամբողջ աշխարհի համար: Շեփորախումբի անդամները իրենց հետ տարած էին փոքր նուէրներ` տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով… ծերունիները օրհնեցին նուագողները եւ փափաք յայտնեցին, որ անոնք միշտ այցելեն իրենց:
ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը շարունակեց իր պտոյտը դէպի Պուրճ Համուտի հրապարակը` դարձեալ նուագելով Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան եղանակներ, որոնք գնահատուեցան հոնկէ անցնող հայրենակիցներուն կողմէ:
Երեկոյեան շեփորախումբը նաեւ ճոխացուց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կազմակերպած Ամանորի խրախճանքը` փունջ մը նուագներ հրամցնելով հոն գտնուող հայրենակիցներուն:
Արաքս փողոցը եւ անոր զուգահեռ լայն պողոտան դարձեալ տօնական ճոխ մթնոլորտի մէջ էին 28 դեկտեմբերի երեկոյեան` ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին հրամցուցած Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ սողանցքով եւ նուագներով:
Շրջանի բնակիչները եւ անցորդները մեծ ուրախութեամբ ողջունեցին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի անդամները, որոնք խանդավառեցին Պուրճ Համուտի թաղամասերը` տօնական ջերմ մթնոլորտ սփռելով եւ բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ի անունն ու ներկայութիւնը:


