Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորի Խոհեր. Կաղանդ Պապուկի` Սպիտակ Մաղթանքներուն Ընդառաջ (Սուրիահայութեան)

December 31, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հաւանաբար այն քիչ ազգերէն ենք, որոնք ակնդէտ կը սպասեն Կաղանդ պապուկի ժամանումին, որովհետեւ դարեր շարունակ հաւատացեր ենք ու դեռ կը շարունակենք հաւատալ, որ ան` շնորհիւ իր խաղաղասէրի կերպարին,  ուրախութիւն բաշխելու եզակի կոչումին եւ առհասարակ ժողովրդասէրի բարեմասնութիւններուն, կրցած է վաստկիլ համայն մարդկութեան սէրն ու յարգանքը, այո՛, անխառն խանդաղատանքը:

Փաստօրէն, պատմութեան վաղեմի ժամանակներէն ասդին եւ դարեր շարունակ Կաղանդ պապուկը հանդիսացեր է այն իւրայատուկ հեղինակութիւնը, որ կրցեր է պահել ու պահպանել իր տիպարային յատկութիւններուն անխարդախ էութիւնը, պաշտպանել իր արարքներուն իրաւացիութիւնը, ոգի ի բռին ջանացեր է ուրախութեամբ վարակել մեծն ու փոքրը, առինքնել մանուկներուն մտքերն ու երեւակայութիւնները, բայց մանաւանդ կառչած մնացեր է իր այն վեհափառ համոզումին, թէ չկայ աւելի թանկագին հանգամանք, խոհ ու ստեղծագործ աշխատանք, քան խաղաղութեան ու համերաշխութեան ձգտումը, որով կարելի պիտի ըլլայ պարուրել ողջ մարդկութեան էութիւնը եւ ապահովել երկրագունդին վրայ ապրելու իրաւունքը:

Այլապէս ինչպէ՛ս կարելի է բացատրել Կաղանդ պապուկի հեզահամբոյր ժպիտին կախարդանքը, անոր բոցկլտուն աչքերուն սրահայեաց իսկութիւնը, կարմրախայտ թուշերէն ցայտող կենասիրութիւնը, ալեհեր եւ ժանիքաւորուած մօրուսին վեհանիստ տեսքը, հսկայ, թիկնեղ ու հաստաբեստ մարմնին ծանրակշիռ ազդեցութիւնը, կարմրացայտ զգեստին, սեւ մոյկերուն եւ պինդ պարեգօտին ներկայութիւնը, որոնք եթէ մէկ կողմէ կ՛անձնաւորեն զինք, ապա միւս կողմէ` կը խարսխեն անոր էութիւնը:

Յայտնապէս ուզեցինք շեշտել Կաղանդ պապուկի համամարդկային կերպարին անժամանցելիութիւնը, ընդգծելու համար իրողութիւն մը անսեթեւեթ , թէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ վառ պահելով անոր անյեղլի իմաստն ու ներկայութիւնը, պարզապէս ջատագոված կ՛ըլլանք մարդասէրի, ազնուութեան, իրերօգնութեան, խղճմտանքի, յանդուգն կեցուածքի, արիութեան, յառաջդիմութեան, ժողովուրդին նուիրուելու եւ ծառայելու կոչումին հրամայականը, բայց մանաւանդ` իրերայաջորդ սերունդներու ներաշխարհին մէջ աշտարակելու խաղաղութեան եւ կամ բարօր կեանք մը կարենալ վարելու սնուցիչ կարեւորութիւնը:

Ահաւասիկ հոսկէ` մեր բոլորի ընդվզումն ու պոռթկումը ի տես ներկայ ժամանակներու բարբարոս, վայրագ ու անմարդկային կեանքի մը «պսպղուն» պատկերներուն, երբ դարաւոր հայրենիք մը, իր հնամենի եւ եզակի քաղաքակրթական հարստութեամբ եւ համայն մարդկութեան սեւեռուն հայեացքներու ներքեւ կը կործանի, կը թալանի, հրոյ ճարակ կը դառնայ, պարզապէս յագուրդ տալով նախամարդու հրէշային մոտելով ծնունդ` մերօրեայ մարդոց բնազդային հակումներուն:

Տարօրինակ մոլուցք, մարդասպանի վիճակներ եւ ոճիրներ, որոնց ականատես է եղած մարդկութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, երբ զազրութեամբ յագեցած թրքութիւնը կ՛որոշէր բնաջինջ ընել ազգ մը համակ, քանդել հայրենիք մը դարաւոր, ոչնչացնել քաղաքակրթութիւն մը հազարամեայ, հրկիզել բնօրրան մը առհաւատչեայ եւ զլանալ ապրելու իրաւունքն անգամ խաղաղասէր ժողովուրդի մը, առհասարակ սադայելամիտի ու խաւարապաշտի իր տեսակին յիշեցումը կատարելու:

Իրօք, տօնական այս օրերու խորհուրդին ընդառաջ, մեր` հայոց պարագային, ուրախութեան եւ ջերմ մթնոլորտի առընթեր, ներքին ու լուռ ցաւ մը կը պատէ մեզ, հոգիներ ալեկոծող եւ սրտեր կիզող ապրումներ կը թեւածեն ամէն քայլափոխի` ի տես սուրիահայութեան վիճակուած մերօրեայ տառապանքին, ցաւին ու պարտադրուած պատերազմին:

Աւելի քան երկու տարիէ հայութեան սրտին կոտտացող այս վէրքը, արիւնահոսութիւնը կը շարունակուի` մահ ու սարսափ տարածելով ամէնուր: Դամասկոսի, Հալէպի թէ այլ հայահոծ շրջաններու մէջ արհաւիրքն է տիրապետողը, պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ եւ ահաւոր կործանումի ենթարկուած մեր տուները, դպրոցները, եկեղեցիներն ու գործատեղիները վաւերական ապացոյցն են ահեղ ու կործանարար կռիւներու շարունակութեան:

Հապա բազմահազար անմեղ զոհերու շարքին նաեւ բազմաթիւ վիրաւոր եւ սպաննուած հայորդիներու թիւին տակաւ բարձրացումը, կեանքի տարրական իրաւունքներէ զրկուելու վիճակն ու գոյութենական պայքարի մը նորովի պարտադրանքը, եւ դեռ անորոշութեան ու պիղծ առօրեայի մը անդոհանքը մեզ` ազգովին մղեցին օգնութեան հասնելու մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, նիւթաբարոյական մեր աջակցութեան ագուցելու ի խորոց սրտէ արձակուած աղօթքներն ու սրտառուչ մաղթանքները:

Այո՛, մաղթանքներ` հեռու մնալու հիասթափութենէ, տկարանալու եւ յանձնապաստան վիճակներէ, թոյլ գտնուելու պահերէ, ազգային մեր կառոյցներուն տիրութիւն ընելու ձախողութենէ եւ մանաւանդ այլասերիչ ու քանդիչ ամբոխային տրամաբանութենէ:

Ճիշդ է, որ սահմռկեցուցիչ կացութիւններու եւ անհորիզոն ապագայի մը ուրուականին դէմ յանդիման դուրսէն եկող ամէն խօսք ու թելադրանք հաւանաբար նմանի կրկներեւոյթի մը, որուն խժալուռ ձայնը հաւանաբար ոչ մէկ նշանակութիւն ունենան` պարտադրուած կեանքին ու պահուան ծանրութեան տակ:

Այսուհանդերձ, կրկին յիշեցնե՞լ է պէտք, որ նմանօրինակ ահաւոր տարիներու թատերաբեմ է դարձեր լիբանանահայութեան կեանքը, եւ շնորհիւ իր հաւաքական անկոտրում կամքին, վերապրելու հաւատամքին ու վաղուան հաւատալու աներեր համոզումին, կրցեր է շրջանցել դժոխային պայմաններն անգամ, թէեւ ի գին անսահման կործանումի եւ անվերադարձ կեանքի կորուստներու, որոնց յիշատակին ընդառաջ միայն պէտք է խոնարհիլ:

Թէ ինչո՛ւ ազգային մեր դաստիարակութենէ թելադրուած, մեր ամանորեան ներհուն մաղթանքները կ՛ագուցենք Կաղանդ պապուկի կերպարին, անոր ցուցաբերած նորովի կամքին, յաւիտենականութեան   ձգտող մարդասէրի առանձնայատկութիւններուն, անհատնում սիրոյն, շէն ու հպարտ դիմագիծին, խանդավառութեան եւ յոգնիլ չգիտցող տիպարին, պարզապէս վերահաստատելու հայ ժողովուրդի ամէնէն նուիրական ըմբռնումը` մահէն չվախնալու եւ նահատակութեամբ ապագան նուաճելու հզօր արժեհամակարգին իրաւացիութիւնը:

Ընդգծուածին տիրական ու անգնահատելի փաստը նոյնինքն սուրիահայութիւնն է, որ պարզուած ահաւոր կացութիւններու մէջ անգամ կը շարունակէ իրեն վերապահուած առաքելութիւնը, կը շնչէ հայաբոյր մթնոլորտի մէջ` ի հարկին տօնակատարելով ազգային ուխտ ու  պարծանք խորհրդանշող տարեթիւերն անգամ, իր զաւակները կ՛ուղարկէ հայկական վարժարան` որոտացող կոյր ռումբերուն եւ շառաչող հրթիռներու տակ, ամայացած թաղերու թէ ուրուական դարձած թաղամասերու ճնշումին ներքեւ, եւ այս բոլորը` արիութեամբ զրահաւորուած եւ քաջութեամբ կռանուած, յանուն գալիք օրերու եւ խաղաղ տարիներու հաշուոյն:

Եթէ երբեք քաջաբար դիմակայելու արժանիքը ազգային ամէնէն ողջմիտ ու կենարար բարեմասնութիւն է, ապա ճակատագրուած պահերու դէմ յանդիման` անով գոյատեւելու եւ անպայման յաղթելու կամքը աստուածահաճոյ արարք է, գէթ այն ժողովուրդին համար, որուն նախնիները դեռ անթաղ են Տէր Զօրի անապատներուն մէջ ու անոնց հոգիները կը թեւածեն բռնագրաւեալ հայրենիքի երկնակամարին վրայ` սպասելով շառաւիղներու վերադարձին:

Զանց առնելով նաեւ այս օրերու թուրքի հայատեաց, դարանակալ, ոճրամիտ եւ զազիր պահուածքի բացայայտումը` ընդհանրապէս Սուրիոյ ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար սուրիահայութեան դէմ, եւ ի տես անոր աշխարհաքաղաքական նկրտումներուն տակաւ շիջումը, պարտութիւնն ու ձախողանքը, մեզի կը մնայ պատրաստուիլ յառաջիկայ տարիներու անյայտ ու արտասովոր գուպարներու դիմակայումին եւ անպայման յաղթանակ ապահովելու տրամադրուածութեան:

Նման ահեղ փորձութիւններէ վերապրումն ու փորձառութիւններ վաստկելու գիտակցութիւնը խայծեր են` ազգային առաջադրանքներու պահպանումին եւ պաշտպանութեան:

Վերոնշեալները Կաղանդ պապուկի մաղթանքներուն հիմքը կը կազմեն:

 

 

 

 

Նախորդը

Բարեւներ Այնճարէն. «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ»

Յաջորդը

Նոր Տարուայ Տօնակատարութիւնը Հայաստանում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։