Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1963)

December 21, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Մեր Ուժին Աղբիւրը

Այսօր` շաբաթ, Պուրճ Համուտի հայաշատ շրջանին մէջ պիտի տօնուի Դաշնակցութեան օրը: որ այս տարի կը զուգադիպի մեր կուսակցութեան առաքելատիպ հիմնադիրներէն` Սիմոն Զաւարեանի մահուան յիսնամեակին:

Որքան կը հեռանանք հայոց պատմութեան փոթորկալի օրերէն, որոնք ամբողջ ժողովուրդի մը գոյութեան պայքարը կը յատկանշեն` ազատութեան եւ արժանապատուութեան մէջ, այնքան աւելի կը պայծառանայ դէմքը առասպելական այն մարդոց, որոնք ցեղին տառապանքով պոռթկուն` հրդեհեցին Հայաստան աշխարհը, յեղափոխութեան վառ կրակով:

Այդ օրէն ասդին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը` նոյն իտէալին դրօշակիրը, ազատութեան նոյն ջահակիրը աննահանջ, նոյն ճամբաներուն յաւիտենական ճամբորդն է` Զաւարեանի եւ անոր անմահ ընկերներուն ժառանգութեամբ հարուստ:

Զաւարեան եղաւ մէկը անոնցմէ, որոնց նմանը գտնելու համար պիտի պեղենք մեր պատմութեան շքեղ դրուագներու կերտիչներուն շարքը, փաղանգը անոնց, որոնք առաւելագոյն չափով իրենց անձին ու գործին մէջ կը խտացնեն մեր ցեղային արժանիքները:

Ու եթէ այսօր` իր հիմնադրութենէն 73 տարի ետք, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ ուժ եւ հեղինակութիւն կը գործէ հայ կեանքին մէջ, երբ կը յաջողի հարազատօրէն ցոլացնել հայութեան բաղձանքներն ու իտէալը, ատիկա կը պարտի զաւարեանի եւ նուիրական երրորդութեան միւս առաքեալներուն, որոնք առաջին իսկ օրէն տեսան անհրաժեշտութիւնը բարոյական ամուր կռուանին, որուն վրայ պիտի գար կերտուիլ հայութեան մեծագոյն կազմակերպութիւնը:

Ուրիշ գաղտնիք չունի այս կուսակցութիւնը, երբ տարուէ տարի կը խտանան իր շարքերը, երբ հայրենիքի ու հայութեան  ազատութեան մտասեւեռումը ունեցող սերունդներ նոյն աւազանին մէջ կը ստանան իրենց մկրտութիւնը, նոյն սեղանին առջեւ կը կատարեն իրենց երդումը, սրբազան ուխտը` նուիրուելու ազգին ու հայրենիքին եւ այն բոլոր նուիրականութեանց, որոնք ժողովուրդի մը գոյատեւելու ուժ եւ կամք կու տան, անոր պայքարին թեւ ու թիկունք կը հանդիսանան, որքան ալ դաժան ըլլան պայմանները:

Հայ ժողովուրդը բնազդօրէն կը զգայ այս իրողութիւնը, գործնապէս կը գնահատէ ՀՅ Դաշնակցութեան անսակարկ նուիրումը մեր Դատին, որ արիւնագիր մուրհակով մը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, անվկանդ կամքովը գաղափարական երիտասարդութեան մը, որ ամէնօրեայ ճիգի ու տքնումի մէջ է, նախ` պահելու իր հարազատ դիմագիծը, ապա ուրեմն` շարունակելու պայքարը, իր խնդիր ազատութեան եւ անկախութեան:

Այս պայքարին մէջ մեզի ու հայ ժողովուրդին զօրավիգ կանգնողը Զաւարեաններու ոգին է. անոնց անսահման հայրենասիրութիւնը, զոհողութեան եւ նուիրումի անգերազանցելի օրինակը, զոր տուին իրենց կեանքով եւ գործով, իրենց բարոյական մեծութեամբ` դառնալով հսկաները մեր նորագոյն պատմութեան:

Իրենց կենդանութեան Զաւարեան եւ ընկերները կրաւորական հայ գիւղացիէն դարբնեցին հոմերոսեան հերոսներ, որոնք բարկացած աստուածներու նման անցան հայոց լեռներուն վրայէն` պոռթկալով ժողովուրդի մը դարերու տառապանքը, զրկանքն ու ցաւը ընդդէմ անագորոյն թշնամիի մը, որ սանձարձակ կը գործէր` աւերելով ու քանդելով մեր օճախները:

Իսկ մահէն անդին, անոնք անմար աստղերու նման կը շողշողան հայութեան երկնակամարին վրայ` գործի ու պայքարի նուիրական պատգամներով:

Ու հայ երիտասարդը կը լսէ անոնց ձայնը` ճանչնալով անոնց հոգին այն կազմակերպութեան մէջ, որ ուզեցին ըլլայ իրե՛նց պատկերով, իրենց իտէալին ու գաղափարին հարազատ արտայայտիչը, եւ այդպէս ալ մնայ մինչեւ այն օրը, երբ պաշտելի հայրենիքը վերջնականապէս ազատագրուի ամէն գոյնի ու ամէն ձեւի բռնակալութիւններէ:

Այսպէս կը հաւատանք մենք ու այդ հաւատքէն կ՛առնենք մեր ուժը: Յստակ է մեր ուղին` նախագծուած հայ ժողովուրդի կամքով, իր պատմական առաքելութեան եւ քաղաքակրթական դերին խոր գիտակցութեամբ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Հոգ Տանիլ Եղջերուներուն

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.