Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Մաալուլա շրջանէն պատուիրակութիւն մը եւ այս առիթով կոչ ուղղեց ազատ արձակելու առեւանգեալ երկու եպիսկոպոսներն ու Մաալուլայի մայրապետները:
«Արեւելքի քրիստոնեաները երաշխիքն են շրջանին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան օրինակին», ընդգծեց Քապալան` նշելով, որ «իսլամներն ու քրիստոնեաները եղբայրներ են եւ անհրաժեշտ է միակամ ճակատով դիմակալել պառակտիչ բոլոր փորձերը»:


