Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական ոստիկանութիւնը Թուրքիոյ Կարս քաղաքին մէջ 17 դեկտեմբերին ձերբակալած է այսպէս կոչուած Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան մաքսային ծառայութեան պետ Մեհմեթ Սէյիթովը:
Նախիջեւանի մաքսային ծառայութեան պետը ձերբակալած են Պոլիսէն Կարս վերադառնալու ժամանակ, երբ ան իջած է օդանաւէն:
Կը հաղորդուի, որ Նախիջեւանի մաքսապետը ձերբակալուած է Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի միջեւ սահմանակէտին վրայ կաշառակերութեան եւ մաքսանենգութեան դէմ գործողութիւններու ծիրին մէջ:
Նախապէս ձերբակալուած էին թրքական կողմի մաքսատան 7 աշխատակիցներ եւ 10 բեռնափոխադրող ընկերութիւններու սեփականատէրեր:
Կը հաղորդուի, որ ոստիկանատան մէջ գտնուող կասկածեալները հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին:


