Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԿԻՆԵՐԸ

March 9, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Կայ եւ վարչապետ Միքաթի

Կիներու միջազգային օրուան առիթով, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շնորհաւորեց լիբանանցի կիները` շեշտելով, որ ինք իր կազմելիք կառավարութեան ընդմէջէն եւ խորհրդարանին հետ գործակցութեամբ պիտի ջանայ գործադրել բոլոր այն համաձայնագիրներն ու օրէնքները, որոնք կը վերաբերին կիներուն դէմ խտրութեան կասեցման:

Միքաթի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է կիներուն յաւելեալ դերակատարութիւն ընծայել լիբանանեան հանրային կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ կիները պաշտպանել ընտանեկան բռնութենէն:

Միւս կողմէ, Միքաթի Վերտանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Կայ յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է լիբանանցի կինը խորհրդարանին մէջ ներկայացնելու եւ անոր ուսման մակարդակը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Այլ գետնի վրայ, Միքաթի «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ինք կրնայ երկար սպասել կառավարութեան կազմութեան` աւելցնելով, որ ինք ո՛չ Սուրիայէն եւ ո՛չ ալ այլ երկիրներէ օժանդակութիւն պիտի պահանջէ կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ:

Միքաթի հաստատեց, որ ինք կը փափաքի կազմել կառավարութիւն մը, որ միագոյն չէ, ինչպէս նաեւ կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն նուազագոյնը 10 նախարարներ, որոնք իրեն հպարտութիւն կը ներշնչեն, որովհետեւ անպատշաճ կառավարութիւն մը համազօր է անպատշաճ պետութեան, որ անմիջապէս եւ անկասկած պիտի ձախողի:

Նախորդը

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ՄԵՆՔ ԿԸ ՀՊԱՐՏԱՆԱՆՔ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԶԷՆՔՈՎ, ՈՐ ՊԱՀՊԱՆԵՑ ՄԵՐ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ»

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔԱՍՍԱՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.