Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, երէկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ հանդիպման ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վերահաստատեց պաշտօնական Երեւանի սկզբունքային դիրքորոշումը հայ-թրքական յարաբերութիւններու առանց նախապայմաններու կարգաւորման վերաբերեալ:


