Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մար Ժըրժոս Եկեղեցւոյ Մէջ Հոգեհանգիստ` Ժըպրան Թուէյնիի Սպանութեան Թ. Տարելիցին Առիթով

December 13, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

jebran_tueyniՆախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի եւ անոր ընկերակիցներուն` Նիքոլա Ֆլութիի եւ Անտրէ Մըրատի սպանութեան Թ. տարելիցին առիթով, երէկ կէսօրին Նըժմէ հրապարակի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը` ներկայութեամբ անոր ընտանիքին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպելի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հանրի Հըլուի եւ ընթացիկ կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուքի, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի, Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի եւ Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսի ներկայացուցիչ գերապայծառ Եուսեֆ Մերհեժի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, դիւանագէտներ եւ պետական ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Աուտէ եպիսկոպոս իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիները իրենց դիմագրաւած պատերազմի տարիներէն ոչինչ սորված են եւ չեն ըմբռնած, որ երկիրը բաղկացնող շերտերուն իրարմէ հեռացումով բոլորը կը քանդուին:

«Այսօր մեր վկայած յոռեգոյն իրականութիւններէն մէկը այն է, որ ճամբաներուն վրայ գտնուող աւազապարկէ պատնէշները փոխադրուած են համալսարաններուն դռներուն առջեւ եւ նոյնիսկ անոնց շրջափակին մէջ: Ուսանողները սկսած են իրենց կուսակցական պատկանելիութեան վերաբերող հարցերը փոխադրել համալսարան` պատերազմէն յառնած ընկերութիւնը կերտող պարկեշտ թթխմոր ըլլալու փոխարէն», ըսաւ Աուտէ եպիսկոպոսը:

Աուտէ եպիսկոպոսը շեշտեց, որ իրենք կարօտցած են Ժըպրան Թուէյնիի յանդուգն եւ անկեղծ կեցուածքներուն, որոնք միայն Լիբանանի սէր եւ նուիրում կ՛արտայայտեն:

Իր կարգին, խօսք առաւ Ժըպրան Թուէյնիի դուստրը` Միշել Թուէյնի, որ իր խօսքը ուղղելով իր հօր շեշտեց, որ ինք տխուր է յայտարարելու, թէ անոր սպանութեան հետաքննութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:

«Լիբանան դարձած է Սուրիոյ տագնապին մաս կազմող դաշտ մը եւ կը գտնուի անիշխանութեան կացութեան մէջ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքին Այցելուները

Յաջորդը

Պըրրի Քննարկեց Ուսումնական Հարցեր

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.