Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 13, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lebanon_report-2ԱԶԵԶԷՆ ազատ արձակուած լիբանանցիներու գերիներու պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց զիրենք ազատ արձակելու իմաստով ի գործ դրուած ջանքերուն համար:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին զգուշացուց Լիբանանը հարուածելիք անիշխանութենէն, որմէ կրնան տուժել Լիբանանի բոլոր հաստատութիւնները:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Մարտ 8-ի աղբիւրներ նշած են, որ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ պէտք է հրաժարի իր պաշտօնէն` փրկելու համար իր պատմութիւնն ու արժանապատուութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ անոր զէնքը անցեալին մաս կը կազմեն եւ անոնց գործունէութիւնը դարձած է անպարկեշտ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, շեշտեց, որ Դամասկոսի կայունութիւնը ամրապնդելու եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի միջեւ սահմանները հակակշիռի տակ առնելու քայլերը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովէն առաջ պիտի կատարուին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս շեշտեց, որ Պքերքէ կառչած կը մնայ նախագահական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու սկզբունքին:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ անոր եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի միջեւ տարակարծութիւններ չկան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, շեշտեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմելը Լիբանանը իսկական վտանգներու դէմ յանդիման կը դնէ:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ուղղուի Թեհրան` ընդառաջելով Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի կողմէ իրեն ուղղուած Թեհրան այցելութեան հրաւէրին:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ կառավարութեան մը կազմութեան շուրջ համախոհութիւն մը գոյացնելու համար կարիքը կայ շրջանային որոշ փոխըմբռնումներու:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան մը կազմութիւնը տակաւին երկար ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ ոմանք տակաւին իրենց որոշումները չեն տուած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ Հատի Հըպէյշ շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մշակելու համար օրինագիծ մը, որուն նպատակն է երկիրը անիշխանութենէ փրկել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Պշարա Մըրհեժ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը Լիբանանի համար պիտի ըլլայ փորձանք մը եւ հսկայ օրինազանցութիւն մը:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Բանաձեւ Որդեգրած Է

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքին Այցելուները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.