
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ան հաստատեց, որ 9+9+6 տարազին հիման վրայ կազմուելիք կառավարութիւնը տրամաբանական եւ ընդունելի տարբերակն է:
Պըրրի խորհուրդ տուաւ, որ ոչ ոք երկրին մէջ արկածախնդրութիւն մը կատարէ:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը` դիմագրաւելու համար ներկայ եւ յառաջիկայ մարտահրաւէրները:
Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու բրիտանացի պետական նախարար Հիու Ռոպըրթսընը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող քաղաքական հարցերը:


