ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները, ամերիկեան-իրանեան համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցեր:
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ սպայ մը շեշտեց, որ տասը տարի առաջ Հըզպալլա արդէն իսկ իր կարողութիւնները տասնապատկած էր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի մէջ ձերբակալած է երկու պաղեստինցիներ, որոնցմէ մէկը Ժապհաթ Նուսրայի անդամ է:
ՍՈՒՐԻ պաղեստինեան Ռաշիտիէ գաղթակայանին մէջ զինեալ բախում մը պատճառած է երեք վիրաւոր:
ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ երէկ կէս գիշերին պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ձեռնառումբ մը նետած են:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի Մալեք Շաար կոչ ուղղեց Թրիփոլին ապազինելու, որպէսզի կարելի ըլլայ վերահաստատել ապահովական կայունութիւնը: Միւս կողմէ, ան ակնարկեց Ժնահի մէջ գործուած պայթումներուն յանցանքով Սէուտական Արաբիոյ ուղղուած ամբաստանութիւններուն եւ զանոնք անհիմն ու անճիշդ նկատեց:
ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամի այցելուները շեշտեցին, որ կառավարութեան կազմութիւնը նախագահական ընտրութեան ժամկէտին մօտենալուն պատճառով աւելի կը դժուարանայ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յաջողած է միաժամանակ թշնամանալ թէ՛ իր բարեկամներուն եւ թէ՛ հակառակորդներուն հետ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Վատիկանը Պքերքէի արտօնութիւն տուած է` առաջադրելու նախաձեռնութիւն մը եւ բանակցելու նախագահական ընտրութեան կայացման հարցով:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կողմէ նիստ մը գումարելու մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքը պիտի մղէ, որ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ժողով մը գումարելու մասին իր կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկէ:
ՊՔԵՐՔԷԻ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ քրիստոնեաները պէտք է մնան իրենց երկիրներուն մէջ եւ գոյութեան պայքար մղեն ու համբերեն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլի կը պատրաստուի մղելու զինեալ բախումներուն 19-րդ փուլը:
ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ 9+9+6 տարազը խախտող որեւէ կառավարութիւն խորհրդարանի վստահութեան քուէին պիտի չարժանանայ:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտը բերման ենթարկելը ուղղակիօրէն կապուած է ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն Աշրաֆ Ռիֆիի ձերբակալումին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա շեշտեց, որ Թրիփոլիի ապահովութիւնը բոլորէն վեր է, եւ կոչ ուղղեց գիտակցելու ներկայ հանգրուանին սպառնացող վտանգներուն:


