
Եգիպտական պատասխանատու աղբիւրներ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած են, որ բարձրաստիճան մարմիններու մօտ գոյութիւն ունին Եգիպտոսի պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի եւ Քայիտայի ղեկավար Այման Զաուահիրիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու արձանագրութիւններ, որոնք կը պարունակեն որոշումներու շուրջ համաձայնութիւններ: Այդ որոշումներէն մէկը Ծոցի արաբական երկիրներուն դէմ յստակ գրգռութիւն կը պարունակէ, որովհետեւ անոնք, ըստ Մուրսիի, «խալիֆայութեան ճամբուն վրայ արգելք կը կանգնին»:
Աղբիւրները «Ժարիտա»-ին յայտնեցին, որ «գերիշխանական մարմիններ» յաջողած են գաղտնազերծել Իսլամ եղբայրներու օգտագործած եւ Թուրքիայէն ստացած հաղորդակցութեան արդիական սարքերու գաղտնագիրերը` վստահեցնելով, որ հաղորդակցութեանց արձանագրութիւնները պիտի փոխանցուին Մուրսիի դէմ ներկայացուած ամբաստանութիւններու շարքը հետաքննող մարմիններուն:
Աղբիւրները նշած են, որ հաղորդակցութեանց գաղտնալսումը ծրագրուած ահաբեկչական մեծ գործողութեանց կանխարգիլման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են: Ապահովական մարմինները նաեւ յաջողած են ձախողութեան մատնել Գահիրէի մէջ տարբեր կառոյցներու ականահարումը, որուն նպատակը քաղաքացիները ահաբեկելով 30 յունիսին Մուրսին տապալելու համար անոնց փողոց դուրս գալը կանխարգիլելն էր:
Աղբիւրները յայտնած են, որ 9 դեկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Մուրսի Քայիտայի ղեկավարը բացայայտ կերպով դրդած է Ծոցի արաբական երկիրները հարուածելու: Մուրսի յայտնած է, որ «այդ երկիրները անհաւատ են. Մուպարաքին աջակցեցան եւ այժմ աշխարհիկներուն կ՛աջակցին: Անոնք իսլամական խալիֆայութեան երազին իրականացման առջեւ արգելք են»: Զաուահիրի պատասխանած է. «Անոնց դէմ կանգնիլը իր կրօնին նկատմամբ նախանձախնդիր իւրաքանչիւր իսլամի պարտաւորութիւնն է»:


