Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մաալուլայի մէջ պատահած քանդումներն ու բռնարարքները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի եւ աշխարհի քրիստոնեաներուն վրայ:
«Այս մասին մենք կը խօսինք, որովհետեւ լիբանանեան, արեւելեան թէ համաշխարհային առումով ի գործ դրուած ջանքերը անբաւարար են», ընդգծեց Պասիլ:
Պասիլ շեշտեց, որ պէտք է յստակ քայլերու դիմել` արգիլելու համար քրիստոնեաներուն դէմ յարձակումները:
Պասիլ նաեւ նշեց, որ Մաալուլայի մայրապետներուն առեւանգումէն ետք աշխարհը իմացաւ, որ այդ արարքը կատարողները ծանօթ են, «սակայն իմանալը եւ այդ մասին խօսիլը ոչինչ կը փոխէ», ըսաւ ան եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք եթէ իսլամ հոգեւորականները նման արարքի մը ենթարկուէին` ի՞նչ կը պատահէր:
Պասիլ հաստատեց, որ այդ արարքներուն ի տես կարելի է դիմել խաղաղ եւ հաւաքական շարժումներու, ինչպէս` աղօթքներու կազմակերպումը:


