
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 1980-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք որդեգրուած թրքական սահմանադրութիւնը բարեփոխելու պարտականութիւնը ունեցող խորհրդարանական յանձնախումբը ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ կը սպասուի, որ անոր լուծարման գծով որոշում մը հրապարակուի:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Ահմեթ Իյիմայա ԱՖՓ-ին յայտնեց, որ «հիմնական նոր օրէնքի պատրաստութեան պարտականութիւնը ունեցող խորհրդարանական յանձնախումբը չորս ամիսէ ի վեր որեւէ յօդուածի շուրջ համաձայնութիւն չգոյացուց»` աւելցնելով, որ (2015-ին նախատեսուած) «խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ նոր սահմանադրութեան մը բանաձեւումը դժուար կը թուի»:


