ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ կազմուելիք նոր կառավարութիւնը խորհրդարանի վստահութեան քուէն չստանայ, ապա ան նախագահութեան իրաւասութիւնները պիտի չստանձնէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ առանց Սէուտական Արաբիոյ օժանդակութեան, հարաւային Լիբանանի բնակիչները տակաւին անպատսպառ վիճակի մէջ պիտի գտնուէին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Լիբանան միայն ազգային միասնականութեամբ կրնայ գոյատեւել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կը ներկայացնէ իրանեան թեւ մը, որ կը մերժէ երկխօսութիւնն ու կայունութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի մէջ արաբական երկիրներու դեսպանները ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւնները:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը զօրակցին նախագահական ընտրութիւններու յետաձգումին:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր խորհրդակցութիւններն ու հաղորդակցութիւնները շարունակած է` կառավարութեան նիստ մը գումարելու նպատակով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Պքերքէի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր յարաբերութիւնները շատ լաւ են, սակայն ապահովական պատճառներ կը խոչընդոտեն Պքերքէ կատարելիք իր այցելութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ Հասսան Լաքքիսի դէմ գործուած սպանութիւնը կ՛ապացուցէ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան գոյութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ Թրիփոլիի մէջ տիրող ապահովական ապակայունութեան, ինչպէս նաեւ արգիլել Ժապալ Մըհսենի աւազակախումբերուն գործած յարձակումները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ կոչ ուղղեց յառաջիկայ փետրուարէն առաջ կազմելու կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւնները դիւրաւ կայացնել:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կեցուածքները Հըզպալլայի նկատմամբ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի հերքեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի այն յայտարարութիւնները, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն ոմանք համաձայնութիւն յայտնած են 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութեան մը կազմութեան:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին կողմէ հրապարակուեցաւ շրջաբերական մը` ուղղուած ճամբորդներուն: Ըստ շրջաբերականին, իւրաքանչիւր ճամբորդ իր թռիչքէն երեք ժամ առաջ պէտք է օդակայան գտնուի:


