Յայտարարութիւն
Հայ Ժողովուրդին Եւ Համայն Աշխարհին
73 տարեկան է ՀՅԴ այսօր:
73 տարի առաջ ծնունդ առաւ, անհայրենիք, դարերու բռնակալ տիրապետութեանց ազդեցութեան տակ տժգունած դիմագծով ազգի մը ներքին պահանջին ու մղումներուն որպէս արդիւնք, ծնաւ որպէս Սասունցի Դաւիթ:
73 տարի է ահա ՀՅԴ-ն կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին կամքը:
Հատուածները եւ յարանուանութիւնները կը բաժնէին հայը, ՀՅԴ միացուց մէկ եւ ամբողջական ազգի ըմբռնումի աւազանին մէջ:
Բռնակալները հարուածեցին, քայքայեցին էութիւնը ազգին, ՀՅԴ պանծալի աւանդութեանց վերակենդանացումը եղաւ ու վերականգնեց հայ ժողովուրդի խիզախող ոգին:
Ստրուկի հոգեբանութիւնը տեղաւորուած էր հոգիներուն մէջ` ազատութիւնը դարձաւ տենչանք, ՀՅԴ-ի` անոր համար թափած արեան շնորհիւ:
Ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկ ձեւի տակ Հայաստան կար. հայ ժողովուրդի զոհաբերումով, Դաշնակցութեան առաջորդութեամբ եղաւ անկախ եւ ազատ Հայաստան:
Եւ այսօր, հոգ չէ թէ անազատ պայմաններու մէջ, զրկուած անկախութիւնէ եւ իր հողերու մեծ մասէն, կան Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը:
Տառապած եւ տառապող ժողովուրդ մը` օտարամուտ վարդապետութեան մը եւ տիրապետութեան մը լուծին տակ, զրկուած ազատօրէն արտայայտելու հիմնական իրաւունքէն անգամ:
Անդին` հայ ժողովուրդին քրտինքով ու արիւնով բերրիացած հողեր` դատարկուած իրենց բնակչութիւնէն, ամայացած, քաղաքակրթութեան անհաղորդ բռնակալութեան մը լուծին տակ:
Ծով մը արիւն եւ զոհաբերութիւն` անվճար մնացած:
Արդար ու անկապտելի դատ մը` միջազգային ատեաններու կողմէ մոռացութեան տրուած:
Աշխարհացրիւ ժողովուրդ մը` յաւիտեանս պահանջատէր իր մայր հայրենքի ազատութեան, անկախութեան, եւ անոր գերի տարուած հողերու ազատագրումին:
Կայ նաեւ հայ ժողովուրդին կամքը` ՀՅԴ-ն:
Աւարտեցաւ ՀՅԴ-ի 18-րդ Ընդհանուր ժողովը. Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ անկիւնադարձ մը եղող, վերանորոգող Ընդհանուր ժողովը, որմէ Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ ամրապնդուած, կուռ, անքակտելիօէն միակամ. մէկ ձգտումով` հայ ժողովուրդի եւ իր հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը. մէկ գործելակերպով` ՀՅԴ-ի շարքերուն անսակարկ նուիրումն ու զոհաբերումը, այդ Դատի իրականացման համար:
ՀՅԴ-ի 18-րդ Ընդհանուր ժողովը կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան` միաձուլուելու, դառնալու մէկ ու միակ ձգտումի մը իրականացումին նուիրուած անընկճելի կամք:
Ողջոյնի խօսք կ՛ուղղենք Հայաստանի հողին վրայ քրիտնք թափող, դժուարութիւններու դիմաց աննկուն մնացած, հայուն դարաւոր երազն ու հաւատքը անմար պահած հայոց ժողովուրդին:
Կոչ կ՛ուղղենք համայն աշխարհի ազատ ազգերուն, այնքան ատեն որ գոյութիւն ունի մէկ հատիկ իսկ ազգ չազատագրուած, լրիւ չ՛ըլլար ազատութիւնը աշխարհի, եւ պատրանք է խաղաղութիւնը: Ազատութիւնը մենաշնորհը պէտք չէ ըլլայ մեծերուն եւ ուժեղներուն, այլ` իրաւունքը բոլորին: Պարտք մը ունին վճարելիք աշխարհի անազատ ազգերուն, բոլոր ազատ ազգերը` եւ անոնց կարգին նաեւ` հայոց ազգին: Հիմնաւորելու համար ձեր իսկ ազատութիւնը, պարտաւոր էք տէր կանգնիլ փոքր ազգերու ազատութեան դատին:
Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ անազատ աշխարհի գերեվարեալ ազգերուն: Պարտուած են փոքրերը, եթէ առանձին ներկայանան աշխարհի մեծերուն: Միացէ՛ք բոլորդ, միացուցէ՛ք բոլոր անազատ ազգերը եւ հետապնդեցէ՛ք մէկ եւ միակ դատ մը` բոլոր ժողովուրդներուն ինքնիշխան ապրելու իրաւունքին դատը:
Երախտագիտութեան խօսքը կ՛ուղղենք բոլոր այն ազգերուն, մասնաւորաբար` Միջին Արեւելքի երկիրներուն, որոնք հիւրընկալած են հայ ժողովուրդը տասնամեակներէ ի վեր, եղբայրօրէն գուրգուրացած անոր վրայ եւ տուած անոր քաղաքացիական ամէն իրաւունք: Երախտամոռ չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ հայ ժողովուրդը, անհեթեթ է այդ ուղղութեամբ հայութեան հասցէին նետուած ամէն մեղադրանք:
Հայ ժողովուրդը պարտաւորութիւնը ունի գուրգուրալու իր երկրորդ հայրենիքի ազատութեան անկախութեան եւ ժողովուրդի տնտեսական վիճակի բարելաւման գործին վրայ, որն ալ որ ըլլայ այդ հայրենիքը: Հայ ժողովուրդը միշտ եղած է եւ պարտաւոր է շարունակել ըլլալ օրինապահ ու հաւատարիմ քաղաքացի: Այդ երկիրները մեր ժողովուրդին երկրորդ հայրենիքն են ե՛ւ լաւ, ե՛ւ դժուարութիւններով լի օրերուն համար:
Եւ վերջապէս, կոչ կ՛ընենք բոլոր դաշնակցականներուն` արտացոլել ՀՅԴ-ի նուիրումն ու զոհաբերումը հայ ժողովուրդի շահերուն եւ Հայ դատի իրականացման գործին, դառնալ միակամ, միաձոյլ պողպատ, այնպէս ինչպէս 18-րդ Ընդհանուր ժողովը եղաւ. անխախտ պահել հաւատքը դէպի լուսաւոր ապագան եւ անսակարկ ծառայել հայ ժողովուրդին
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ժԸ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
