
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեքսիքայի դեսպան Խիմէ Կարսիա Ամարալը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններուն ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` նկատի ունենալով, որ Մեքսիքայի մէջ կը գտնուի տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս հզօր լիբանանեան գաղութ մը:
Հանդիպումին ընթացքին Ամարալ շեշտեց Լիբանանի եւ Մեքսիքայի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու Մեքսիքոյի փափաքը` ընդգծելով, որ իրենք մեծ յոյսեր դրած են այս իմաստով Մեքսիքայի լիբանանեան գաղութին ունենալիք աշխուժ դերակատարութեան վրայ:


