
Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերուն պատկանող ռմբաձիգներ երէկ առնուազն հինգ առիթներով հարուածեցին քարիւղի արտածման Ռաս Լանուֆ քաղաքին մէջ գտնուող ըմբոստներու դիրքերը եւ ջուրի պահեստները` արգելք հանդիսանալու համար դէպի Թրիփոլի անոնց յառաջխաղացքին:
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ յայտնեցին, որ Քազզաֆիի հեռացումին պայմաններուն շուրջ բանակցելու առաջարկ մը ստացած են, սակայն չհաստատեցին, եթէ առաջարկը կատարող պատուիրակը Քազզաֆիի կողմէ լիազօրուած է: Ընդդիմադիրները մերժեցին այդ առաջարկը: Լիպիոյ Ազգային խորհուրդը հաղորդեց, որ Քազզաֆիի ներկայացուցիչը կապ հաստատած է իրենց հետ եւ խնդրած հանդիպում ունենալ` քննարկելու համար Քազզաֆիի հեռացումը պարունակող համաձայնութիւն մը, սակայն խորհուրդը մերժած է այդ առաջարկը:
Աւելի ուշ, Ազգային խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը իշխանութենէն հեռանալու համար Քազզաֆիին 72 ժամուան պայմանաժամ մը կու տայ: «Եթէ Քազզաֆին այդ ժամանակամիջոցին հեռացաւ Լիպիայէն եւ ռմբակոծումները դադրեցուց, յեղափոխականները պիտի հրաժարին իր գործած ոճիրներուն համար զինք դատական հետապնդումի ենթարկելէն», ըսաւ Ժալիլ` աւելցնելով, որ այդ պայմանաժամը պիտի չերկարաձգուի:
Այլ ճակատի մը վրայ, ականատեսներ յայտնեցին, որ Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը գրաւած են Թրիփոլիէն 50 քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող Զաուիա քաղաքը:
Ծոցի արաբական երկիրները միացան Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու կոչերուն: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է լիպիացի ժողովուրդը պաշտպանելու իր պատմական պարտաւորութեան տէր կանգնի: Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Աքմալէտտին Իհսանօղլու իր կարգին իր ձայնը միացուց Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը ստեղծելու կոչերուն:
Միւս կողմէ, Խարթումի համալսարանը դատապարտեց Քազզաֆիի վարչակարգին քաղաքայիններու դէմ գործադրած բռնարարքները եւ յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ 1996-ին Մոամմար Քազզաֆիին շնորհած իր պատուոյ դոկտորան:


