Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Նստավայրէն Հաստատեցին` Սերժ Սարգսեան Պիտի Մեկնի Վիլնիուս

November 27, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pr.SargsianՆախագահական նստավայրին մամլոյ ծառայութենէն հաստատած են, որ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 նոյեմբերին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Լիթուանիոյ Հանրապետութիւն` մասնակցելու Վիլնիուսի մէջ կայանալիք Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան եւ նոյն կուսակցութեան Արեւելեան գործընկերութեան պետութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովներուն: Այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են հանրապետութեան նախագահի երկկողմանի ձեւաչափով հանդիպումներ:

26 նոյեմբերին Եւրոպական յանձնաժողովը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած էր, որ Հայաստան Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան Վիլնիուսի վեհաժողովին պիտի մասնակցի նախագահի մակարդակով:

Վեհաժողովին պիտի մասնակցին Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ նախագահները, Մոլտաւիոյ վարչապետը եւ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Արեւելեան գործընկերութեան երրորդ վեհաժողովին պիտի մասնակցին նաեւ եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր յանձնակատար Քեթրին Էշթըն, Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ եւ առեւտուրի հարցերով յանձնակատար Քարլ տը Կուխթ:

Նշենք, որ այս տարուան յուլիսին Քեթրին Էշթընն ու Շթեֆան Ֆիւլէն պաշտօնապէս յայտարարեցին Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կնքուելիք Ընկերակցութեան համաձայնագիրի շուրջ երեքուկէս տարի տեւած բանակցութիւններու աւարտը: Նոյեմբերին կ՛ակնկալուէր համաձայնագիրի նախաստորագրութիւնը: Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան սեպտեմբերին յայտարարեց, որ Հայաստան որոշած է մաս կազմել Մաքսային միութեան:

Նախորդը

Վլատիմիր Փութինի Այցելութիւնը Երկկողմանի Կապերու Ամրապնդման Առիթ Է

Յաջորդը

Ակնարկ. «Բարեկամ»-ին Նախապայմանները «Պոտենցիալ (Կարողական) Բարեկամ»-ին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.