
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նորակազմ կառավարութեան կազմին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ այս հանգրուանին պէտք է ամրապնդել Լիբանանի կացութիւնը` պահպանելու համար անոր շահերն ու միջազգային յանձնառութիւնները:
Հաղորդագրութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է հեռու մնայ շրջանը յուզող հարցերէն, յատկապէս Սուրիոյ իրադարձութիւններէն` ի մտի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մօտէն կը հետեւի միջազգային ընտանիքը` այն մտավախութեամբ, որ Լիբանան կրնայ մուտք գործել այնպիսի առանցքներու մէջ, որոնք իր շահերուն չեն ծառայեր:


