Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցոյց Ուքրանիոյ Մէջ. Եւրոպական Միութիւնը Կը Դատապարտէ «Ռուսական Ճնշումը»

November 26, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

UkraineԵւրոպական Միութեան բարձրագոյն պաշտօնատարներ` Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյ եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով սուր կերպով քննադատեցին Ռուսիան` Ուքրանիոյ վրայ ճնշում բանեցնելուն եւ զայն Եւրոպական Միութեան հետ այս շաբաթավերջին Ընկերակցութեան համաձայնութեան նախաստորագրումէն հրաժարելու մղելուն համար: «Ուքրանիա պէտք է ազատ կերպով որոշէ, թէ Եւրոպական Միութեան հետ ինչպիսի՛ կապ կ՛ուզէ հաստատել: Ուստի բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք ռուսական դիրքորոշման եւ քայլերուն», ընդգծեցին եւրոպացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարները:

Մինչ այդ, Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ եւրոպամէտ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ նոր բախումներ արձանագրուեցան: Ուքրանական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործեց:

Կիրակի օր 2004-ի Նարնջագոյն յեղափոխութենէն ետք տեղի ունեցած մեծագոյն ցոյցէն մէկ օր ետք հազարաւոր ցուցարարներ դարձեալ հաւաքուեցան Քիեւի Եւրոպական հրապարակին վրայ:

Ուքրանացի ընդդիմադիր ղեկավարներ, ներառեալ` բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան Վիթալի Քլիչքօ, կառավարութեան անակնկալ շրջադարձը «ամօթալի» նկատեցին եւ խոստացան ցուցարար բազմութիւնը անժամկէտ պահել կեդրոնական Քիեւի մէջ: Ցոյցին մասնակից գործիչներուն շարքին էին բանտարկուած ընդդիմադիր ղեկավար Եուլիա Թիմոշենքոյի համակիրները: Հարիւրաւոր ցուցարարներ գիշերը հրապարակին վրայ անցուցին վրաններու մէջ, հակառակ իշխանութիւններուն կողմէ այդ քայլը արգիլող հրամաններուն:

Վրանները արեւմտամէտ Նարնջագոյն յեղափոխութեան մեծագոյն երեւոյթներէն են:

Նախորդը

Ազրպէյճան Հրաժարած Է Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութենէն

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիա Իրանի Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը Դէպի Յառաջ Քայլ Մը Կը Նկատէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.