Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԱՐՄԻՐ ՄԱՀԻԿԸ ՄԵՐԺԵՑ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

June 18, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տաւութօղլու եւ Թուրքմանի

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական եւ սուրիական կարմիր մահիկներէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ երէկ Պոլսոյ մէջ հանդիպում մը ունեցած են: Թրքական կարմիր մահիկի նախագահ Թեքին Քիւչիւքալի յայտնած է, որ իր սուրիացի պաշտօնակիցը` Ապտուլ Ռահման Աթթար, Թուրքիա ապաստանած սուրիացիներուն հոգատարութեան վերաբերեալ օժանդակութիւն առաջարկած է, սակայն թրքական Կարմիր մահիկը մերժած է առաջարկը:

«Մենք այս մարդոց բոլոր կարիքները հոգացած ենք», ըսած է Քիւչիւքալի եւ աւելցուցած. «Անոնք յաւիտեանս մեր բարեկամները պիտի ըլլան: Անոնք իրենց երկրին մէջ կարգ մը հարցեր ունին, սակայն կը կարծենք, որ այդ հարցերը պիտի չքանան»:

Սուրիական Կարմիր մահիկի ղեկավար Ապտուլ Ռահման Աթթար իր կարգին յայտնեց, որ ինք սուրիացի քաղաքացիներուն նկատմամբ Թուրքիոյ ցուցաբերած ծառայութեան համար շնորհակալ է: «Ես այստեղ եմ տեսնելու համար, թէ Թրքական կարմիր մահիկին կրնա՞նք օժանդակել», ըսաւ Աթթար` աւելցնելով, որ Քիւչիւքալիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին նաեւ քննարկուած է այն հարցը, թէ ի՛նչ կարելի է ընել, եթէ սուրիացիները ուզեն իրենց բնակավայրերը վերադառնալ:

Միւս կողմէ, թրքական «Զաման» օրաթերթը իր երէկուան թիւով հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հինգշաբթի օր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պատուիրակ Հասան Թուրքմանիի հետ իր չորս ժամուան հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարելու համար Սուրիոյ կառավարութեան առիթը կը սպառի: «Բարեփոխումներ կատարելու այլընտրանք չունիք: Ասիկա ձեր վերջին առիթն է: Զանոնք անմիջապէս կատարեցէք, այլապէս շատ ուշ պիտի ըլլայ», ըսած է Տաւութօղլու:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Հալէպի կառավարիչը յայտնած է, որ Ժըսըր Շուղուրի մէջ 120 ոստիկաններու սպանութեան համար օգտագործուած զէնքերը Սուրիա մուտք գործած են Թուրքիայէն: «Մենք երբեք անզէն ցուցարարներ թիրախ չենք դարձուցած: Սակայն շատ զարմանալի է, որ ամերիկացի եւ բրիտանացի դիւանագէտներ դէպքերէն հազիւ քանի մը օր առաջ Ալեքսանտրէթ այցելեցին», ըսած է ան:

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԸ ԿԸ ԲՈԼՈՐԷ ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

Յաջորդը

ԼՈՒՔԱՇԵՒԻՉ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ «ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՂ» ԵՒ «ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ» ԿՈՉՈՂ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂԻՆ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԱԾ Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.