Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այժմ Իրանեան Հիւլէական Հարցը Լուծելու Իսկական Առիթ Մը Գոյութիւն Ունի» Ըսաւ Փութին

November 19, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փութին եւ Ռուհանի
Փութին եւ Ռուհանի

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը յայտնէ, որ Իրանի հիւլէական «երկարատեւ» հարցին լուծում մը գտնելու «իսկական առիթ» մը գոյութիւն ունի։ Այդ յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք։

Քրեմլինի մամլոյ գրասենեակը երկու ղեկավարներուն միջեւ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք հաղորդեց, որ «իրանեան հիւլէական ծրագիրի ծիրին մէջ Փութին շեշտեց, որ ներկայիս  այս երկարատեւ հարցին լուծում գտնելու իսկական առիթ մը գոյութիւն ունի։ Իրանի ղեկավարը իր կարգին ողջունեց վեց միջազգային միջնորդներուն ծիրին մէջ Ռուսիոյ տարած աշխատանքը»։

Նախագահ Փութինի եւ նախագահ Ռուհանիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցաւ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ նախատեսուած հանդիպումէն երկու օր առաջ։ Երկու կողմերուն միջեւ բանակցութեանց երկրորդ փուլը պիտի սկսի 20 նոյեմբերին։ 7-8 նոյեմբերին տեղի ունեցած բանակցութեանց փուլին ընթացքին համաձայնութիւն չէր գոյացած։

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «արեւմտեան պետութիւնները պէտք է Իրանի դէմ պատժամիջոցները աւելցնեն, փոխանակ հետապնդելու հիւլէական թղթածրարին շուրջ շատ վատ համաձայնութիւն մը, որ պիտի առաջնորդէ կէտի մը, ուր զինուորական ընտրանքէն բացի այլընտրանք պիտի չմնայ»։

Նեթանիահու ըսաւ, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցները մեղմացնելը պիտի ջնջէ ելեւմտական ճնշումը, որ օր մը Իրանը պիտի ստիպէ հրաժարելու իր վիճայարոյց հիւլէական ծրագիրէն։

Նեթանիահու ըսաւ, որ առաջարկուած համաձայնութեան մէջ Իրան միայն չնչին զիջումներ կը ներկայացնէ եւ հիւլէական զէնքեր շինելու իր կարողութիւնը կը պահէ։ «Աւելի լաւ համաձայնութեան մը հասնիլը պատժամիջոցները մեղմացնելու ճամբով չ­­՛ըլլար», ըսաւ ան։

Նախորդը

Ամերիկեան Թերթը 150 Տարի Ետք Ներում Հայցած Է Ապրահամ Լինքընէն

Յաջորդը

«21-րդ Դարը Թուրքիայինը Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.