Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

June 17, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի վարչական հարցերու եւ արդարութեան, հանրօգուտ շինութեանց, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի, 23 յունիս 2011-ին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլայ լիբանանեան ջուրերուն մէջ բնական կազի հանքերու պեղման աշխատանքը:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի նախարար նշանակումին հարցը պիտի լուծուի անոր աներձագին` Մարուան Խէյրէտտինի նշանակումով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր Ժալալ Տ. անունը կրող քաղաքացի մը ամբաստանած է Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսելու յանցանքով: Նշենք, որ ամբաստանեալը Թաուհիտ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի թիկնապահներէն էր, որուն պաշտօնն էր ապահովել Ուահապի անձնական անվտանգութիւնը:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու բարձրաստիճան պատասխանատու մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ջնջելու համար արձանագրուած բոլոր խախտումները:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներէն, նշեց, որ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը չափաւորական նախարարներուն յատկացնելու իրականութիւնը ներկայ կառավարութիւնը կը դադրեցնէ միագոյն ըլլալէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենց համար անընդունելի է կառավարութիւն մը, որ կազմուած է Սուրիոյ մէջ եւ իր աշխատանքին սկսած խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գրասենեակէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմուած է, որպէսզի պահպանէ սուրիական վարչակարգը եւ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ծրագիրները:

«ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ ժոմպլաթի կողմէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին կատարուած այցելութիւնը կը միտի շեշտել, որ կառավարութեան կազմութիւնը առաջնահերթութիւն է», կը գրէ «Մուսթաքպալ» օրաթերթը:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ այն մեկնաբանութիւնները, թէ իր նախարար նշանակումը քաղաքական կեանքին մէջ ընտանեկան ժառանգութեան հարց է: Ան հաստատեց, որ ինք ամբողջովին դէմ է այդ դրութեան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խզեց Լիբանանի գերիշխանութիւնը, երբ ան թռիչքներ կատարեց եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Մերժահիունի, Հասպայայի, Ռաշայա Ուատիի, Ժեզզինի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ:

 

Նախորդը

ՆԵՐԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ` ԱՐՏԱՔԻՆ ԲՌՆԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՏԱՐԲԵՐ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՆՁՆՈՒՄԻ ԵՒ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.