Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՍԱՏԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՓՈԹՈՐԿԱԼԻՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ԹՈՒՐՔ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՄԱՐ «ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹ»Ի Կ՛ԱԿՆԱՐԿԵՆ

June 17, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի գիշեր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պատուիրակ գնդ. Հասան Թուրքմանիի հետ երեք ժամ տեւողութեամբ «փոթորկալից» հանդիպում մը ունեցած է: Ըստ «Արապիա»ի, Թուրքիա մերժած է իր սահմանները սուրիացի գաղթականներուն առջեւ փակելու եւ գաղթականները Սուրիա վերադարձնելու սուրիական պահանջ մը:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Թուրքիա սուրիական ղեկավարութենէն պահանջած է ցուցարարներուն դէմ ուժի եւ բռնարարքներու չափազանցուած կիրարկումը դադրեցնել, ժողովրդային պահանջներուն ականջ տալ եւ ժողովրդավարական սկզբունքներուն ապաւինիլ:

Ասատի պատուիրակը երէկ առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Ըստ «Թուտէյզ Զաման»ի, Տաւութօղլու հանդիպումին ընթացքին Սուրիայէն պահանջած է ցոյցերու բիրտ ճնշումը անմիջապէս դադրեցնել եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներ որդեգրել:

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ երեք ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Տաւութօղլու լրագրողներուն յայտնած է, որ «մենք ուժեղ, կայուն եւ բարգաւաճ Սուրիա մը կ՛ուզենք: Ատիկա իրականացնելու համար կը հաւատանք, որ անհրաժեշտ է Պաշշար Ասատի կողմէ երաշխաւորուած դէպի ժողովրդավարութիւն բարեփոխման համապարփակ հոլովոյթ մը կիրարկել»: Ան աւելցուցած է, որ «այդ մէկը իրականացնելու համար բռնարարքները անմիջապէս պէտք է դադրին: Երէկ ես վախը յստակ կերպով տեսայ մարդոց (Թուրքիա ապաստանած գաղթականներուն) աչքերուն մէջ եւ այդ մէկը (Թուրքմանիի) փոխանցեցի»:

Տաւութօղլու հանդիպումը բարեկամական, իսկ Սուրիան Թուրքիոյ «ամէնէն սերտ ընկերը» նկատեց: Ան չորեքշաբթի օր Թուրքիա ապաստանած սուրիացիներու գաղթակայան այցելած էր: Տաւութօղլու հինգշաբթի կէսօրէ ետք հանդիպում ունեցաւ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ եւ Եւրոպական Միութեան կարգ մը երկիրներու մէջ Թուրքիոյ դեսպաններուն հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ եւ «Արաբական գարնան» նկատմամբ թրքական քաղաքականութիւնը:

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կամ թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան հաւանաբար «վերջին առիթի» այցելութեամբ մը Սուրիա մեկնին եւ հանդիպում ունենան Ասատի հետ:

Աղբիւրները կը նշեն, որ «այս այցելութիւնը կրնայ Ասատի համար, ամերիկեան հաւանութեամբ, փոխանցման հանգրուանը ղեկավարելու վերջին առիթ մը ըլլալ»: Անոնք կը շեշտեն, որ «ժամանակը արագ կերպով կը սպառի»:

Էրտողանի նախկին խորհրդական, նորընտիր երեսփոխան Նապի Աւճը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թուրքիա յուսալքուած է ի տես քաղաքայիններուն դէմ բռնարարքներ չկիրարկելու եւ բարեփոխումներ կատարելու իր պահանջին Սուրիոյ պատասխանին: «Սուրիոյ մէջ խաղաղ փոփոխութիւն կատարելու Թուրքիոյ ջանքերը պիտի շարունակուին», ըսած է ան եւ աւելցուցած. «Առայժմ սուրիական վարչակարգին պատասխանը դժբախտաբար անօգտակար է եւ յուսախաբութիւն կը պատճառէ», նշեց Աւճը:

Պատասխանելով թրքական բանակին կողմէ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի մը ստեղծման կարելիութեան մասին հարցումի մը` Աւճը յայտնեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան ծրագիր մը չունի, սակայն Թուրքիա սուրիական կառավարութեան շարունակ կը յիշեցնէ, որ միջամտութիւնը կրնայ միջազգային համայնքին օրակարգին վրայ գալ, եւ Դամասկոսի կոչ ուղղեց` ողջամիտ ընտրանքներ որդեգրելու: «Սուրիական վերջին առիթին համար մեր կարելին կ՛ընենք», ընդգծեց ան:

Նշենք, որ թուրք վերլուծաբան Մեհմեթ Ալի Պիրանտ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի չորեքշաբթի օրուան թիւին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիա կը ծրագրէ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծել: Պիրանտէն առաջ Ռոպըրթ Ֆիսք եւս բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթին մէջ այդ ծրագիրին գոյութիւնը նշած էր:

Նախորդը

ԼՕԽ¬Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐՁՈՒՄԻ ՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԱՅԼ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒ, ՆԱԵՒ ՆՈՐ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

ԸՍՏ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ. «ՔԱԶԱՆԻ ՄԷՋ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՈՐՈՇՈՒՄ ՊԻՏԻ ՈՐԴԵԳՐՈՒԻ» ԸՍԱԾ Է ԼՈՒՔԱՇԵՒԻՉ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.