Հըզպալլայի պատասխանատուներ շաբաթավերջին խստիւ դատապարտեցին կուսակցութեան դէմ ուղղուած այն ամբաստանութիւնները՝ Սուրիոյ մէջ իր դերակատարութեան մասին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու իր մեղսակցութեան առնչութեամբ։
Լիբանանի տարածքին, տարբեր շրջաններու մէջ իրենց կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Հըզպալլայի պատասխանատուներ հաստատեցին, որ Հըզպալլայի որոշումները կը համընկնին շրջանին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններուն հետ՝ աւելցնելով, որ անոնք ուղղակի կը համապատասխանեն Դիմադրութեան ընտրանքին եւ անոր յանձնառութիւններուն։
Հըզպալլայի պատասխանատուները ընդգծեցին, որ շրջանին մէջ դէպքերուն արձանագրած զարգացումները կը փաստեն, որ անոնք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն շահերուն չեն ծառայեր։
Անոնք շեշտեցին նաեւ, որ Լիբանանի համար Դիմադրութիւնը անհրաժեշտ է՝ աւելցնելով, որ առանց Դիմադրութեան Լիբանան չկայ։
Անդրադառնալով Լիբանանի բոլոր անցուդարձերը լրտեսող իսրայէլեան սարքերուն գոյութեան՝ Հըզպալլայի պատասխանատուները յայտնեցին, որ Դիմադրութիւնը կրնար պատասխանել Իսրայէլին, սակայն այդ պարտականութիւնը վստահեցաւ Լիբանանին եւ անոր պետութեան, որ փաստեց, թէ իր կարողութիւնը կը կայանայ այդ մասին ՄԱԿ-ին բողոքագիր մը յղելուն մէջ։


