Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծագող Արեւի Երկիրը. Պարարտ Հող Հայերուն Համար

November 11, 2013
| Անդրադարձ, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ ամիս առաջին անգամ ըլլալով այցելեցի Ճափոն հիասքանչ երկիրը:

Թոքիոյի «Նարիթա» օդակայանին մէջ հազիւ ոտքս դրած, կարծէք յայտնուեցայ գերիրապաշտ երկրի մը մէջ. այնքան լաւ, որ անհաւատալի կը թուէր…

Առաջին բանը, զոր կը նկատես, ճափոնցիներու ծայրայեղ քաղաքավարութիւնն է: Հիւրերուն առջեւ շարունակ խոնարհելով անոնց ողջոյնը անհամեմատելիօրէն աւելի յարգալից է, քան՝ մեր սովորական ձեռքսեղմումը: Ես զարմացայ, երբ պարզեցի, որ անոնք բոլորին միեւնոյն հիանալի ծառայութիւնը կը մատուցեն՝ առանց յաւելեալ վճարումի: Ոչ ոք կողմնակի գումար կը ստանայ, ներառեալ` մատուցողներն ու կառատուներու սպասարկողները:

Ճափոնը կատարեալ մաքրութեան երկիր է: Ոչ մէկ տեղ կրնաս աղբ գտնել: Որեւէ տեղ աղբի կուտակումներ չկան: Փողոցին մէջ չես տեսներ նոյնիսկ ծռմռուած կամ փոշոտ ինքնաշարժ մը: Նոյնիսկ շինանիւթեր տեղափոխող բեռնատարները ծածկուած են ցանցով եւ բեռնման հրապարակէն դուրս գալէն առաջ զանոնք կը լուան, որպէսզի կեղտը չթափի քաղաքի փողոցներուն մէջ: Զարմանալի է, որ Թոքիոն հարուածած փոթորիկէն ետք նոյնիսկ փողոցներուն մէջ աղբի մնացորդներ չկային:

Ի լրումն այս բոլորին, Ճափոնի մէջ յանցագործութեան ցուցանիշը շատ ցած է` շնորհիւ բնակչութեան հանգիստ պահուածքին եւ զէնքի բացակայութեան: Թէեւ Թոքիոյի մայթերը մարդաշատ են, սակայն ամէն մէկը իր գործին կ՛երթայ` առանց ուրիշները հրելու կամ հրմշտելու, վիճելու կամ ձայնը բարձրացնելու: Վարորդները կը յարգեն երթեւեկութեան կանոնները եւ իրենց ինքնաշարժները կը վարեն սահմանուած կարգով` առանց միւսներուն առջեւը կտրելու կամ ձայնային ազդանշան տալու:

Փողոցներուն մէջ կարելի է տեսնել բժշկական դիմակներ կրող մեծաթիւ անձեր: Կը թուի, թէ անոնք այդ ձեւով իրենք զիրենք կը պաշտպանեն անցորդներէն` կրիփով կամ այլ հիւանդութեամբ չվարակուելու համար: Սակայն կը պարզուի, որ նոյնինքն դիմակով մարդիկ հիւանդ են կրիփով: Անոնք այնքան ուշադիր ըլլալով՝ չեն ուզեր, որ իրենց ժահրերը փոխանցուին միւսներուն։

Ճափոնական սրբավայրեր եւ հին պալատներ այցելելէն բացի, այս հեռաւոր երկրին մէջ ես կարելիութիւն ունեցայ մասնակցելու հայութեան վերաբերող ձեռնարկներու: Ուրախութեամբ գիտցայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դեսպանատուն ունէր Թոքիոյի մէջ: Դեսպան Հրանդ Պօղոսեանը եւ կցորդ Մոնիքա Սիմոնեանը սիրալիր ընդունեցին զիս եւ համառօտ ներկայացուցին իրենց անխոնջ ջանքերը՝ ուղղուած երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման: Մենք քննարկեցինք Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին եւ Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանատան միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները, յատկապէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն:

Բաւական հաճելի անակնկալ էր Հայաստանի դեսպանատան կազմակերպած համերգը` նուիրուած Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակին: Երեք անուանի երաժիշտներ՝ դաշնակահարներ Արմէն Բաբախանեանը եւ Ջուլետա Վարդանեանը եւ թաւջութակահար Արամ Թալալեանը Հայաստանէն յատուկ ժամանած էին այդ եզակի երեկոյթին համար: Ճափոնական լսարանը, օտար երկիրներու դիւանագէտները, ինչպէս նաեւ քանի մը հայ ուսանողներ ու գործարարներ մեծապէս տպաւորուած էին Արամ Խաչատրեանի երաժշտութեամբ եւ երաժիշտներու վարպետ կատարումով: Նոյնիսկ  հանդիպեցայ ճափոնցի գիտնականի մը, որ վարժ կը խօսէր հայերէն: Առաջին անգամ ըլլալով կը լսէի ճափոնական առոգանութեամբ հայերէն:

Զիս հիւրընկալող ճափոնցիները կազմակերպած էին հանդիպումներս Թոքիոյի եւ Քիոթոյի քանի մը մեծ ընկերութիւններու գլխաւոր տնօրէններու հետ, որոնց հետ քննարկեցի ճափոնական ներդրումներու կարելիութիւնները Հայաստանի մէջ: Շատ տպաւորիչ էր Քիոթոյի համալսարանի ցօղունային բջիջներու աճեցման ժամանակակից գիտահետազօտական տարրալուծարանը:

Այդ նոյն օրը բացառիկ առիթ ունեցայ դասախօսութիւն տալու խումբ մը փայլուն ուսանողներու եւ անոնց դասախօսներուն: Անոնք բաւական լաւ անգլերէն գիտէին եւ բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին, թէեւ ինծի ըսած էին, որ ճափոնցի ուսանողները սովորաբար չեն հարցներ: Իմ ելոյթիս մէջ ես լուսաբանեցի Հայոց ցեղասպանութիւնը, արցախեան հակամարտութիւնը, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, «Արաբական գարուն»-ը, «մխիթարութեան կիներու» վիճայարոյց հարցը եւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:

Թոքիօ վերադառնալէն ետք հիւրընկալողներս զիս զարմացուցին՝ ներկայացնելով «Տը Ճըփեն Թայմզ» թերթի 4 հոկտեմբեր 1998-ի թիւին պատճէնը, ուր կէս էջնոց յօդուած հրապարակուած էր Հայաստանի համար իմ՝ իբրեւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահի, կատարած մարդասիրական աշխատանքներուս մասին:

Վերջին հանդիպումս ճափոնցի պետական բարձրաստիճան երեք պաշտօնեաներու հետ էր, որոնց հետ մանրամասնօրէն քննարկեցի Ճափոնի յարաբերութիւնները Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Հարաւային Քորէայի հետ:

Ճափոնի համալսարանի ուսանողներուն եւ կառավարութեան ղեկավարներուն հետ  ունեցած զրոյցներէն հասկցայ, որ հայ ժողովուրդը սովորութիւն դարձուցած է իր քաղաքական բոլոր ջանքերը կեդրոնացնել Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ բոլորովին անտեսելով Ասիոյ ռազմավարական բազմաթիւ կարեւոր երկիրներ:

Թերեւս քաղաքական եւ տնտեսական տեսանկիւնէ աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլայ ընդլայնել մեր գործունէութեան դաշտը՝ ուշադրութիւնը սեւեռելով այն երկիրներուն վրայ, որոնց քաղաքացիները գրեթէ ոչինչ գիտեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը

Նախորդը

«Կարինէն Ապրել Գիտի»

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Բոսորագեղ Արշալոյսին Եւ Նորափթիթ Գարունին Յուսադրիչ Ակնկալութեամբ…

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.