Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Նոյեմբեր 1963)

November 11, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վազգէն Ա. Գահիրէի «Յուսաբեր»-ի Տան Մէջ

Շքեղ Հանդէս Եւ Սիրալիր Ընդունելութիւն Ջերմօրէն
Հայրենասիրական Մթնոլորտի Մէջ

Ամենայն հայոց հայրապետը՝ Վազգէն Ա., որ մօտ շաբաթէ մը ի վեր Եգիպտոս կը գտնուի, նոյեմբեր 5-ի գիշերուան ժամը 9:30-ին այցելած է «Յուսաբեր»-ի տունը, ուր ի պատիւ վեհին գեղեցիկ հանդէս մը կազմակերպուած էր շքեղ թատերասրահին մէջ եւ ընդունելութիւն մը՝ «Նաւասարդ» սրահին մէջ։

Գահիրէի մեր պաշտօնակիցը՝ «Յուսաբեր» մանրամասնութիւններ կու տայ հովուապետական այս այցելութեան մասին, որ տեղի ունեցած է շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Երբ վեհափառը թատերասրահէն ներս մուտք գործած է, այնտեղ հաւաքուած 1000 հոգի խելայեղ ծափահարութիւններով դիմաւորած են զայն։

«Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան նախագահ  Աւետիս Չաքըճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք գործադրուած է մասնաւոր կերպով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը։

Եղած են արտասանութիւններ, երգ ու նուագ։ ՀՅԴ Երիտասարդաց միութեան անդամ-անդամուհիներուն կողմէ պատրաստուած եւ «Անուշ» օփերայէն առնուած տեսարան մը ներկայացուած է եւ տեղի ունեցած՝ հայկական, ուքրանական եւ այլ պարեր։

Բանախօսած է Բէգլար Նաւասարդեան, որ յուզիչ եւ խանդավառ ճառով մը վեր առած է վեհափառ Վազգէն եւ վեհափառ Խորէն կաթողիկոսներու պատմական անկիւնադարձ կազմող ողջագուրումին իմաստն ու տարողութիւնը, իր համահայկական բնոյթով ներկայի ու ապագայի տեսակէտէն։

Ապա որոտընդոստ ծափերու մէջ բեմ բարձրացած է վեհափառը։ Պահ մը լուռ մնացած է, յայտնապէս «յուզուած»՝ ի տես իր այդ հայրենասէր եւ էջմիածնասէր զաւակներուն, կը գրէ «Յուսաբեր», որոնք իրեն վերապահած էին իր բոլոր ակնկալութիւնները գլող անցնող նման ընդունելութիւն մը»։

Վեհափառը սկսած է իր խօսքին՝ հայրական, հայրենասիրական ջերմ շունչով։ Խօսած է մեր ժողովուրդի ցաւերուն, մեր ժողովուրդի յաղթանակներուն, մայր հայրենիքի վերելքի ճամբուն վրայ կատարած նուաճումներուն, Ս. Էջմիածնայ իրականացումներուն եւ մեր ժողովուրդի երազներուն մասին։ Խօսելով հայրենիքի մասին՝ ըսած է, թէ հոն շատ բան եղած է, բայց ամէն բան չէ եղած եւ շատ բան կայ դեռ կատարուելիք, բայց մեր արի եւ աշխատասէր ժողովուրդը ժամանակի ընթացքին ատոնք ալ պիտի կատարէ։

Վեհափառը այս առիթով «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան նուիրած է Ս. Էջմիածնի մէկ գեղեցիկ նկարը։

Ապա վեհափառը եղած է «Յուսաբեր»-ի տան «Նաւասարդ» սրահը, ուր վարչութեան տիկիններուն կողմէ պատրաստուած էր ճոխ սեղան մը։

Հանդէսին ու ընդունելութեան ներկայ եղած են առաջնորդը, Գահիրէի Ազգային իշխանութեանց, զանազան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ զօրավար Հայկ Շեքերճեան։

Ընդունելութիւնը վերջ գտած է ժամը 1։30-ին։

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մտայնութիւններ Շրջելով. Սեռերու Միջեւ Խտրականութեան Դէմ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.