Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրանի Մէջ Ռուհանի Ընդունեց Հայաստանի Ուժանիւթի Նախարարը

November 9, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հասան Ռուհանի

Իրանի պաշտօնական «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հայաստանի ուժանիւթի նախարարը Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրաւոր ուղերձը։

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նախանցեալ օր Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը արտայայտեցին իրենց վճռականութիւնը՝ զօրացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար՝ ուժանիւթի եւ մշակութային մարզերուն մէջ։

Ռուհանի գովաբանեց Հայաստանի հետ բարեկամական կապերը՝ ընդգծելով ապագային երկու դրացի երկիրներու տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Թեհրանի եւ Երեւանի միացեալ ծրագիրներուն՝ յոյս յայտնելով, որ այդ ծրագիրները ինչքան կարելի է շուտ պէտք է իրականացուին։

Իր կարգին, Մովսիսեան ողջունեց երկու երկիրներուն միջեւ սերտ կապերը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը կը ձգտին զարգացնել յարաբերութիւնները  Իրանի հետ։ Ան նաեւ վստահեցուց, որ Հայաստան ջանքեր կը գործադրէ միացեալ ծրագիրներու իրականացման խոչընդոտները վերցնելու համար։

«Փրես Թի.Վի.» կը հաղորդէ, որ 5 նոյեմբերին Հայաստանի եւ Իրանի ուժանիւթի նախարարները Թեհրանի մէջ երեք համաձայնագիրներ ստորագրած են՝ ուղղուած միացեալ ջրելեկտրակայանի ծրագիրի իրականացման։

Վերջին տարիներուն երկու երկիրները կարեւոր քայլեր կատարեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ, մասնաւորաբար ուժանիւթի մարզին մէջ։

Անցնող վեց տարիներուն ընթացքին Իրան 1.5 միլիառ խորանարդ մեթր կազ մատակարարեց Հայաստանին՝ անոր դիմաց ստանալով ելեկտրականութիւն։

Նշենք, որ վերջերս, երբ գրեթէ ամբողջ Հայաստանի ելեկտրականութեան մատակարարումը ընդհատուած էր, ուժանիւթի նախարարութիւնը պարզաբանեց, որ պատճառը Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի մեկուսացումն էր Իրանի ելեկտրականութեան համակարգէն։ Իրանի մէջ տեղի ունեցած էր ելեկտրականութեան մատակարարման արկած  մը, որուն գծով նորոգութիւնները արագ կատարուած էին, սակայն Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան մատակարարումը իր բնականոն դրութեան վերադառնալու համար ժամեր պահանջուեցան։

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Նիստ Պիտի Գումարէ Վերահսկիչ Պալատի Նախագահի Ընտրութեան Վերաբերեալ

Յաջորդը

Շանթ Յարութիւնեան Կալանաւորուեցաւ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.