Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

June 15, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Ղանեմ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ օրինական շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) նախագահ Ասաատ Միրզան. ան նախագահին ներկայացուց Լիբանանի մէջ գործող ապահովագրութեան ընկերութիւններուն ներկայ կացութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Իպրահիմ Տահեր:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման կառավարութեան կազմութեան առիթով երէկ ստացաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքէն, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիէն եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն:

Միւս կողմէ, Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր նկատել տուաւ, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան մասին Ուաշինկթըն իր կարծիքը պիտի յայտնէ` մեկնելով կառավարութեան աշխատանքներէն:

«Մեզի համար կարեւորը այն է, որ Լիբանան նախանձախնդիր մնայ երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան, վերջ տայ բռնարարքներուն, յատկապէս պետական այլ գործիչներու նկատմամբ վրէժխնդրութեան տրամադրութեան, ինչպէս նաեւ կառչած մնայ երկրին միջազգային յանձնառութիւններուն նկատմամբ, յատկապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներն ու Միջազգային դատական ատեանի իր յանձնառութիւնները գործադրելու առումով», շեշտեց Թոնըր:

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց կառավարութեան կազմութիւնը եւ նկատել տուաւ, որ անիկա կարեւոր քայլ մըն է` շեշտելով, որ կառավարութիւնը պէտք է նախանձախնդիր մնայ միջազգային իր յանձնառութիւններուն նկատմամբ:

Քի Մուն մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ դիմագրաւել քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական իր բոլոր մարտահրաւէրները` ընդգծելով լիբանանցի ղեկավարներուն միջեւ ազգային երկխօսութեան եւ գործակցութեան ոգիին պահպանումը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը մաղթեց նաեւ, որ կառավարութիւնը կարենայ մօտիկ ապագային մշակել իր աշխատանքային ծրագիրը` յոյս յայտնելով, որ այդ ծրագիրին մէջ կառավարութիւնը յանձնառու մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Միջազգային դատական ատեանին:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը իր կարգին յայտնեց, որ Փարիզ կարեւոր կը նկատէ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու մնայ միջազգային իր յանձնառութիւններուն նկատմամբ: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց յատկապէս Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ Լիբանանի յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը:

Եւրոպական Միութեան ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան պետ Քեթրին Էշթըն ողջունեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը` նկատել տալով, որ կառավարութեան  հետ գործակցութեան հաւանականութիւնը կախեալ է կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրէն:

Էշթըն յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը բարեկարգումի ծրագիրներ որդեգրէ, ինչպէս նաեւ միջազգային բանաձեւերուն նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները կատարէ` պահպանելով Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը:

 

Նախորդը

ՖԱՅՍԱԼ ՔԱՐԱՄԷ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԸՐՐԻԻՆ ԵՒ ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՔԱՍԵՄԻՆ

Յաջորդը

«ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ ՖՈՆՏ»Ը 100.000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ «ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.