Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՀԱՅ – ՇՈՒԷՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

June 15, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պիլտթ եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթը: Ողջունելով հիւրը` Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Շուէտի հետ քաղաքական երկխօսութեան շարունակական զարգացումը, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակին մէջ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն շուրջ համագործակցութեան աշխուժացումը: Զրուցակիցները խօսեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն կապերու խորացման առնչուող նիւթերու շուրջ` նշելով, որ այստեղ նոյնպէս կարելի է արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ծաւալել` հաշուի առնելով, որ Շուէտ Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնողներէն մէկն է:

Ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կարելիութիւնները եւ ներուժը` երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին հայ-շուէտական համագործակցութիւնը տարբեր մարզերուն մէջ խթանելու եւ զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման մասնակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ շրջանային խնդիրներու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին ներկայ հանգրուանին վերաբերեալ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ նոյնպէս հանդիպում ունեցաւ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթի հետ:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ սքանտինաւեան շրջանին, յատկապէս` Շուէտի հետ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան համակողմանի շարունակական զարգացումը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ իր գործընկերոջ այցելութիւնը նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման:

Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց, որ Շուէտ վերջին տարիներուն աշխուժ ջանքեր կը գործադրէ Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի շրջանին հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ:

Երկու նախարարները անդրադարձան երկու երկիրներուն միջեւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, միջխորհրդարանական, առեւտրական-տնտեսական, կրթական եւ մշակութային համագործակցութեան զարգացման, ապակեդրոնացեալ մակարդակով յարաբերութիւններու հաստատման եւ գործարար կապերու խթանման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերուն: Կողմերը նշեցին, որ վերջին տարիներուն բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները, բազմաթիւ հանդիպումները միջազգային բեմերուն վրայ` երկկողմանի կապերուն նոր լիցք հաղորդելու պատրաստակամութեան վկայութիւններն են: Նախարարները համաձայնութիւն ձեռք բերին յաւելեալ ջանքեր գործադրելու` տարբեր մարզերու մէջ յարաբերութիւնները ընդլայնելու համար:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, մանրամասնօրէն քննարկուեցաւ «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի իրականացման ընթացքը: Մասնաւորաբար քննարկուեցան ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, այցեգրային դրութեան դիւրացման, ազատ եւ համապարփակ առեւտուրի գօտիի ստեղծման բանակցութիւններու սկիզբի նախապատրաստական աշխատանքները:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան արցախեան հիմնահարցի բանակցային հոլովոյթին շուրջ եւ վերահաստատուեցաւ, որ հիմնախնդիրին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: Այս ծիրին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումները` Քազանի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովէն առաջ:

Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուէին շրջանային եւ միջազգային տարբեր խնդիրներ:

 

Նախորդը

«ՔԱԶԱՆԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ ՉԿԱՆ, ԲԱՅՑ ԱՏԻԿԱ ԱԼ ԴՐԱԿԱՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Յաջորդը

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԸ` ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.