Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

June 15, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր հրապարակուեցան Թուրքիոյ մէջ կիրակի, 12 յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները: Ըստ արձանագրուած արդիւնքներուն, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 49.83 առ հարիւրը, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 25.94 առ հարիւրը, Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը` 12.49 առ հարիւրը, իսկ անկախները, որոնց մեծամասնութիւնը քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած էին` 6.58 առ հարիւրը:

Այսպիսով, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական աթոռները 341-էն նուազած են 326-ի, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան աթոռները 112-էն բարձրացած են 135-ի, Ազգային շարժում կուսակցութեան աթոռները 71-էն նուազած են 53-ի, իսկ անկախներու աթոռները 26-էն բարձրացած են 36-ի:

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կին երեսփոխաններուն թիւը 50-էն բարձրացած է 77-ի:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, ընտրութիւններու նախնական տուեալներուն համաձայն, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն ընտրուած են 45 կին երեսփոխաններ, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն` 19, Ազգային շարժում կուսակցութենէն` 3, իսկ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն 11 կին երեսփոխաններ, որոնց շարքին քիւրտ յայտնի քաղաքական գործիչներ Լէյլա Զանա եւ Սեպահաթ Թունջել:

 

Նախորդը

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԾՈՎՈՒԺԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԿԱԶԱ ՈՒՂՂՈՒԵԼԻՔ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂԻՆ ԴԷՄ ԴՆԵԼՈՒ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ՕՔՍՖԱՄ»Ի 2030-ԻՆ ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔԻ ԳԻՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ԿՐԿՆԱՊԱՏԿՈՒԻԼ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.