Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ինչ-Որ Փաստաթուղթ(եր)

October 23, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւութապէս իրարմէ անջատ երկու յայտարարութիւն համատեղ քննարկման անհրաժեշտութիւն կ՛ընդգծեն:  Անոնք կը վերաբերին Հայաստան-Մաքսային Միութիւն եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ձեւաչափերու ճշդման:

«Հայաստանը չի կրնար անդամակցել Մաքսային միութեանը` ո՛չ վաղը, ո՛չ վաղը չէ միւս օրը, ո՛չ այս տարի, ո՛չ ալ հաւանաբար յաջորդ տարի», ըստ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան, յայտարարած է  Պիելոռուսիոյ նախագահը:

Նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն  Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը պայմանաւորած է  ընթացակարգային ճանապարհի անցումով, որուն ընթացքին Հայաստան կը ճշդէ թէ Եւրոպական Միութեան ուղղութեա՞մբ  կ՛երթայ, թէ՞ Մաքսային Միութեան:

«Եւ չի բացառուիր, որ մենք կը ստորագրենք փաստաթուղթ` Հայաստանի  ՄՄ-ին միանալու մտադրութեան մասին», ըսած է  Լուքաշենքոն` ակնարկելով Մինսքի մէջ այս շաբաթ կայանալիք ԱՊՀ երկիրներու եւ ԵւրԱզեսի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովին:

Այս յայտարարութեան հիմնական ուղերձը այն է, որ կայ հաւանականութիւն, թէ շուտով Հայաստան ստորագրէ փաստաթուղթ մը` ՄՄ անդամակցութեան ճամբուն վրայ: Անիկա անշուշտ ուղղակի անդամակցութիւն չէ, այլ` համագործակցութեան ձեւաչափի նոր հարթութիւն:

Հիմա նայինք, թէ ի՞նչ ըսած է  Հայաստանի տնտեսութեան նախարարը` այս անգամ Հայաստանի դէպի ԵՄ ընկերակցութեան ուղղութեան վրայ տեսանելի հաւանականութիւնը ընդգծելու առումով:

«Այո՛, մենք կը յուսանք, որ նման փաստաթուղթ պիտի ստորագրուի, ուր կը ճշդուի Հայաստան – ԵՄ համագործակցութեան շրջանակը. փաստաթուղթին անունը դեռ չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ մենք քննարկումներու փուլին մէջ ենք տակաւին»:

Այս մասին որեւէ դիտարկում կատարելէ առաջ մէջբերենք նաեւ  Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան` Ռուսիոյ Արեւելեան գործընկերութեան, Կեդրոնական Ասիոյ, տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ հարցերու տնօրէն Կունար Վիկանտի յայտարարութիւնը, ուր ան նշած էր, որ շատ մասնակի ժամանակահատուածի մէջ կը գտնուին հիմա`  Վիլնիւսի գագաթնաժողովի նախօրէին. պիտի քննարկուին բոլոր հարցերը, եւ շատ կարեւոր է, որ քննարկուի նաեւ ՄՄ-ին անդամակցելու հարցը:

Զուգահեռ-հակակշիռ յայտարարութիւններու տպաւորութիւնը կը ձգեն այս երեք ընդգծումները: Եթէ նախագահ Լուքաշենքոն Հայաստանի ՄՄ-ի անդամակցութիւնը կը պայմանաւորէ դէպի ՄՄ կամ դէպի ԵՄ ուղղութեան ճշդումով, ապա աւելի նուրբ դիւանագիտութեամբ նոյնը կ՛ըսէ եւրոպացի պաշտօնատար Վիկանտը` շեշտելով, որ Վիլնիւսէն առաջ, այսինքն որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելէ առաջ, պէտք է քննարկել Հայաստանի ՄՄ-ի անդամակցութեան հարցը:

Եւ եթէ Լուքաշենքոն չի բացառեր, որ դէպի ՄՄ ինչ-որ փաստաթուղթ կրնայ ստորագրուի, ապա Հայաստանի տնտեսութեան նախարարը չի բացառեր  դէպի ԵՄ ինչ-որ փաստաթուղթի ստորագրութիւնը:

Պարզ կ՛երեւի, որ թէ՛ Մաքսային Միութեան  հետ համագործակցութեան ճարտարապետերը, եւ թէ Եւրոպական Միութեան ընկերակցութեան շրջանակը գծագրողները կը փորձեն համագործակցութեան ձեւաչափեր ճշդել եւ պահպանել յարաբերութիւնները` տարածաշրջանին մէջ գործընկերներ չկորսնցնելու եւ խաղի կանոններուն վրայ ազդեցութեան գործօնները պահպանելու միտումով: Երկկողմանիօրէն, սակայն յիշեցնելով ընտրանք կատարելու պայմանականութիւնը: Ընդհանուր այս պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել Հայաստանի կողմէ տեսանելիութիւնը`

ինչ-որ փաստաթուղթեր ստորագրելու:

«Ա.»

Նախորդը

Վրացահայութիւնը Որոշ Յոյս Ունի Վրաստանի Ընտրութիւններէն

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.