«Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը երէկ ուշ երեկոյեան հաղորդեց, թէ լիբանանեան բանակը Արսալի մէջ Այն Շաապի անցարգելին վրայ ձերբակալած է 4 թիւրքմէններ, որոնք կասկածելիներ են` Հարաւային արուարձանները պայթումի թիրախ դարձնող ինքնաշարժները ականած ըլլալու յանցանքով:


