Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլլանտ Օպամայի Կը Փոխանցէ Լրտեսութեան Երեւոյթին Իր «Բուռն Դատապարտումը»

October 23, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնած է իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ֆրանսուա Հոլլանտի` քննարկելու համար Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան կողմէ Ֆրանսայի մէջ 70.3 միլիոն հեռաձայնային զրոյցներու լրտեսման հարցը:

Ֆրանսական նախագահութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հոլլանտ բուռն կերպով դատապարտած է գաղտնալսման երեւոյթը` զայն նկատելով դաշնակիցներու միջեւ «մերժելի վարմունք» մը:

Հոլլանտ Օպամայէն պահանջած է հարկ եղած բացատրութիւնները ներկայացնել, ինչպէս նաեւ այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք կրնան Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան նախկին պաշտօնեայ Էտուըրտ Սնոուտընի մօտ ըլլալ:

Ֆրանսայի նախագահը շեշտած է, որ պէտք է տեղեկահաւաքի գործողութեանց երկկողմանի մակարդակի վրայ շրջագիծ մը ճշդել, որպէսզի այդ մէկը ազդու կերպով ծառայէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:

Սպիտակ տունը յայտարարած էր, որ բացայայտուած կարգ մը տեղեկութիւնները «աղաւաղուած էին»: Սպիտակ տունը նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ սկսած են վերատեսութեան ենթարկել տեղեկահաւաքի ձեւերը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամերիկացի քաղաքացիներու եւ դաշնակիցներու անվտանգութեան պահպանման ու անձնական կեանքին միջեւ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել: Երկու նախագահները համաձայնած են այս հարցը հետագային եւս դիւանագիտական խողովակներով քննարկել:

Սպիտակ տան բանբեր Քէյթլին Հայտըն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կը հաւաքէ տեղեկութիւններ, որոնք բոլոր պետութեան հաւաքածներուն ծիրին մէջ են:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ռոլան Ֆապիւս իր կարգին ամերիկացի իր պաշտօնակիցէն` Ճոն Քերրիէն այս հարցով բացատրութիւններ պահանջած է:

Նախորդը

ՔԱԿ-ի Զինեալները Կը Սպառնան Թուրքիոյ Մէջ Դարձեալ Յարձակումներու Սկսիլ

Յաջորդը

«Սուրիոյ Բարեկամներ»-ը Համաձայնեցան, Որ Ասատ Ապագայ Սուրիոյ Մէջ Դերակատարութիւն Չունի» Ըսաւ Հէյկ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.