Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Յատուկ
Պատուիրակութիւն Մը Ղրկած Է Անթիլիաս
Կիլիկեան Աթոռէն Պատուիրակութիւն Մը
Այսօր Կը Մեկնի Երուսաղէմ
Անթիլիասի կաթողիկոսարանի մօտիկ շրջանակներէն մեր քաղած ստոյգ լուրերուն համաձայն, Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսին յանձնարարութեամբ եւ Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ արքեպիսկոպոսներու ստորագրութեամբ, պաշտօնական նամակ մը գրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոսին` յիշելով իր բոլոր պաշտօնական տիտղոսներն ու յարգելով բոլոր պատշաճութիւնները, հրաւիրելով զինք Երուսաղէմ, ողջագուրուելու Վազգէն Ա. կաթողիկոսին հետ եւ միասին աղօթելու սրբատեղիներուն մէջ` հայ ժողովուրդի խաղաղութեան եւ բարօրութեան եւ Հայաստանեայց դարաւոր Ս. եկեղեցւոյ անսասանութեան համար:
Այս հրաւէր-նամակը, յատուկ պատուիրակութեամբ մը, բաղկացած` Կիւրեղ վրդ. Գաբիկեանէ եւ Ստեփան Սրապեանէ, ուղարկուած է Անթիլիաս` Խորէն Ա. կաթողիկոսին:
Փոխադարձաբար, այսօր` երեքշաբթի երեկոյեան, յանուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ վեհափառ հայրապետին, Երուսաղէմ պիտի երթայ յատուկ պատուիրակութիւն մը` բաղկացած դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Սարգիսեանէ եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ մեթր Խաչիկ Պապիկեանէ` տանելով ստացուած նամակին պաշտօնական պատասխանը:
Պատուիրակութիւնը լիազօրուած պիտի երթայ` տեղւոյն վրայ անհրաժեշտ կարգադրութիւններն ու պատշաճ տնօրինութիւնները ընելու, որպէսզի վեհափառ հայրապետը պաշտօնապէս իր շքախումբով կիրակիէն առաջ Երուսաղէմ երթայ:
Այս հանդիպումը պիտի ըլլայ զուտ կրօնական եւ եղբայրական:
Կը յուսանք, որ բոլորէն ցանկացուած համերաշխութեան այս մթնոլորտին իրականացումը փութով տեղի կ՛ունենայ:
Հայ Երուսաղէմի Պատմութիւնը
Առաջին Անգամ Տրդատ Թագաւոր Հայ Վանքեր
Եւ Եկեղեցիներ Շինած Է
Մոհամետ Մարգարէն Ֆերմանով Մը
Պաշտպանած Է Հայոց Իրաւունքները
Երուսաղէմի աթոռը միշտ փուշէ աթոռ մը եղած է իր գահակալին, անոր համար, որ հոն կայ ծանր աշխատանք եւ մեծ պատասխանատուութիւն, քանի որ աշխարհի 350 միլիոն կաթոլիկին, 120 միլիոն ուղղափառին, 250 միլիոն բողոքականին դէմ չորս կամ հինգ միլիոն հայութիւնը Երուսաղէմի Սուրբ Վայրերուն մէկ երրորդին տէրն է: Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր Եղիշէ պատրիարքին մէջ դիւանագիտական կարողութիւններու տէր գահակալի մը գոյութիւնը գոհունակութիւն կը պատճառէ հայերուն, որովհետեւ ան հաշիմական տունէն ներկայ Հիւսէին թագաւորին եւ իր կառավարութեան կատարեալ վստահութիւնը կը վայելէ:
Երուսաղէմի մէջ հայոց պատմութիւնը հին է: Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, թէ առաջին անգամ Աբգար թագաւորը պատուիրակութիւն մը ղրկած է Ս. Քաղաք` Յիսուսի մասին լսածները հաստատելու համար:
Տրդատ Մեծ թագաւոր, քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ետք, Բիւզանդիոնի Կոստանդին կայսեր հետ միասնաբար Երուսաղէմի Ս. Վայրերու նորոգութեան եւ հոն հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներ շինելու ձեռնարկած է: Այդ օրերէն է, որ հայ կրօնաւորները կ՛երեւին Երուսաղէմ եւ հայերը Ս . Վայրերու վրայ կրօնական արարողութիւններ կ՛ընեն:
Հայոց Աբրահամ պատրիարքը, սակայն, հեռատեսութիւնը կ՛ունենայ այս իրաւունքները նուիրագործելու: Այդ օրերուն իսլամ կրօնը նոր ծնած էր, եւ Մոհամէտ մարգարէն այդ շրջաններու ամէնէն զօրաւոր անձը դարձած էր: Աբրահամ պատրիարք իր հետեւորդներով կ՛երթայ Մեքքէ, կը ներկայանայ Մոհամետին եւ անոր հաւատարմութիւն կը յայտնէ: Կը խոստանայ ուրիշ իշխանութիւն չճանչնալ եւ հարկ տալ, որուն փոխարէն` Մոհամետ պատգամ մը գրել կու տայ, թէ իր պաշտպանութեան տակ կ՛առնէ Ս. Վայրերու հայ վանքերու եւ եկեղեցիներու վրայ հայոց իրաւունքը, եւ որովհետեւ իսլամներու մարգարէն գրել չէր գիտեր, իր մատը կը կոխէ այս ֆերմանին տակ: Խաչակիրներու ժամանակ խաչակիրները կ՛ուզեն նոր ոտնձգութիւններ ընել հայոց իրաւունքներուն դէմ, բայց խաչակիրները պարտութեան մատնող Սալահէտտին Էյուպիին կը ներկայանայ օրուան պատրիարքը եւ ցոյց կու տայ Մարգարէին եւ Զոմերի ֆերմանները, որոնց ի տես` Էյուպի ալ իր պաշտպանութեան տակ կ՛առնէ հայոց իրաւունքները:
Օսմանցի կայսրերն ալ իսլամներու մարգարէին շնորհած իրաւունքները կը ճանչնան:
Հայոց իրաւունքներուն դէմ վերջին ոտնձգութիւնները կ՛ընեն 19-րդ դարու սկիզբը յոյները կաշառելով օսմանցի կառավարիչները եւ Պոլսոյ կարգ մը պաշտօնեաները: Սակայն Պեզճեան ամիրան եւ Պօղոս Անտրիապոլսեցի Երուսաղէմի փոխանորդը (ապա` Պոլսոյ պատրիարք) միասնաբար կ՛աշխատին, եւ Պեզճեան ամիրա սուլթան Մահմուտի հետ իր ունեցած մտերմութեան շնորհիւ` կը յաջողի հայոց իրաւունքները վերջին անգամ մըն ալ նուիրագործել` յոյներուն ներկայացուցած փաստերուն կեղծ ըլլալը հաստատելով:
ԱՐԱ ԱԿԻՆԵԱՆ
