Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման մանրամասնութիւնները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը:
Նշենք, որ Պըրրի այսօր պիտի նախագահէ խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին պիտի ընտրուին խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը:


