Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ «երկու տարիէ ի վեր Սուրիոյ թափած արիւնն ու ջանքերը չեն կրնար դրական պտուղներ չտալ. ան նշեց, որ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն պատճառով սուրիացի ժողովուրդը արաբականութեան, իսկական իսլամութեան եւ ազգային գերիշխանութեան պաշտպանութեան համար սուղ գին վճարեց»` աւելցնելով, որ «տարածաշրջանը կը փոխուի, մօտալուտ յաղթանակը անխուսափելի է, եւ զայն պիտի տօնեն լիբանանցի եւ սուրիացի ժողովուրդները»:
Ան նշեց, որ քաղաքական հոլովոյթի ընտրանքը սուրիական պետութեան համար իսկական ընտրանք մըն է, որմէ ետդարձ պիտի չկատարէ: «Մենք պատրաստ ենք Ժընեւ երթալու, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ զինեալներուն եւ ահաբեկիչներուն հետ երկխօսութիւն պիտի կատարենք: Մենք մեր քաղաքական ընտրանքներուն մէջ վճռակամ ենք, որովհետեւ անոր մէջ յստակութիւն եւ Սուրիոյ ապագան կը տեսնենք», ըսաւ Զողպի:
«Երկխօսութենէն վախնալու ոչինչ ունինք եւ մենք ատոր պատրաստ ենք, սակայն արիւնահեղութիւն ընողին կամ անոնց ետին կանգնողներուն ու աջակցողներուն հետ երկխօսութիւն պիտի չկատարենք, որովհետեւ անոնք քաղաքական որեւէ քննարկումի կողմ չէ, որովհետեւ անոնք քաղաքագէտներ չեն, այլ` ահաբեկիչներ», նշեց Զողպի:
Արապի.«Ժընեւ-2»-ը Պիտի Գումարուի
23 Նոյեմբերին»
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նապիլ Արապի ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը պիտի գումարուի 23 նոյեմբերին»:
Իպրահիմի իր կարգին յոյս յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ը վերջ տայ սուրիական տագնապին` նշելով, որ ինք հետագային, եթէ Աստուած ուզէ, պիտի յայտարարէ անոր գումարման թուականը:
Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը օրըստօրէ կը վատթարանայ եւ «ամէն մարդ կը գիտակցի, որ աշխարհի խաղաղութեան համար մեծագոյն վտանգը Սուրիոյ մէջ է»:
Իպրահիմի ընդգծեց, թէ «Ժընեւ-2» կարելի չէ գումարել առանց «ներկայութեան համոզիչ ընդդիմութեան մը, որ կը ներկայացնէ ընդդիմադիր ժողովուրդը»` աւելցնելով, որ «Ժընեւ-2»-ը դէպք մը չէ, այլ շարունակական աշխատանք մը, որուն պէտք է մասնակցին սուրիացի ժողովուրդին զինեալ եւ ոչ զինեալ ներկայացուցիչները:
Միւս կողմէ` ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ յղում կատարելով «Ալմայատին» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին, հաղորդեց, որ Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Թանին սուրիական իշխանութիւններուն առաջարկած է վերականգնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները, որոնք երկու տարի առաջ խզուած էին` քաթարական կողմին դիրքորոշումով: Իսկ սուրիական կառավարութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ Դամասկոս Տոհայէն կ՛ակնկալէ իսկական քայլեր, որոնք կ՛ապացուցեն, որ քաթարական իշխանութիւններու մտադրութիւնը լուրջ է:


