Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանագօտիին Վրայ Հայ Սպայ Մը Զոհուած Է. ԵԱՀԿ-ի Դիտարկման Ընթացքին Ազրպէյճան Կրակ Կը Բանայ

October 18, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր ժամը 20:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Հայաստանի հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած զօրամասին հսկողութիւն կատարելու ընթացքին մահացու ականապայթիւնային վէրքեր ստացած ու զոհուած է պաշտպանութեան նախարարութեան «ԷՆ» զօրամասի ճարտարագիտասակրաւորային վաշտի հրամանատար, սպայ Գէորգ Մնացականեանը:

Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան, տարբեր աստիճանի վէրքերով Երեւանի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած են աւագ տեղապահ Գարուշ Համբարձումեանը, պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայող, շարքային Նարեկ Յակոբեանը եւ պայմանագրային ծառայող, շարքային Էդկար Յարութիւնեանը: Համբարձումեանի եւ Յարութիւնեանի վիճակը կը նկատուի միջին ծանրութեան, Յակոբեանինը` բաւարար:

Կը կատարուի հետաքննութիւն:

Միւս կողմէ, երէկ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու հանդիպման սահմանագիծին վրայ` Հադրութի ուղղութեամբ, նախատեսուած ԵԱՀԿ առաքելութեան դիտարկումը ընդհատուած է ազրպէյճանական կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներուն պատճառով:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, կրակոցներուն  ականատես եղած են երկու կողմերու դիտարկման խումբերը:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիք, որ գլխաւորած է դիտարկման առաքելութիւնը հակառակ կողմէն, անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնած որոշած է դադրեցնել դիտարկումը:

Նախորդը

«Յարութիւն Շմաւոնեան»-ի Մրցանակներ` Մամլոյ Օրուան Առիթով

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Հաւանաբար Դադրի Բարոյագիտութեան Յանձնախումբի Աշխատանքներուն Մասնակցելէ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.