«Հիւսիսային փոթորիկ» փաղանգի յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ իրենք այս իմաստով դրական արդիւնքներ կը նախատեսեն:
«Հիւսիսային փոթորիկ» փաղանգին համաձայն, առեւանգուած ինը լիբանանցիները առողջ են եւ անոնք 28 մայիս 2012-էն ի վեր բախումներէն հեռու շրջաններու մէջ կը գտնուին:
Միւս կողմէ, առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւող շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու իմաստով կատարուող բանակցութիւններուն մէջ բարդութիւններ չկան` շեշտելով, որ այս իմաստով դրական մթնոլորտ մը կայ:
Շէյխ Զղէյպ յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները քանի մը օրէն ազատ արձակելու մասին կատարուած յայտարարութիւնները չափազանցուած են` աւելցնելով, թէ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման առումով յստակ թուական մը չէ ճշդուած:


