Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Երեք Ութերու Տարազը Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու Առումով Անյարմար Է»

October 14, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ երեք ութերու հիման վրայ նոր կառավարութիւն մը կարելի չէ կազմել` նշելով, որ այս հանգրուանին անհրաժեշտ է կազմել 9-9-6 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը` կառավարութեան աշխատանքները արգելակելու մէկ երրորդի իրաւունքը շնորհելով թէ՛ Հըզպալլային եւ թէ՛ Մարտ 14-ին:

Ան ընդգծեց կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ինք կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելու պատասխանատուն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը սեպէ` նկատի ունենալով անոնց կողմէ պարտադրուած նախապայմանները:

Ժոմպլաթ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը արդէն իսկ բացուած է` աւելցնելով, որ պէտք է մտածել, որ փոխանցման այս  ժամանակաշրջանին ընթացքին կարելի եղածին չափ քիչ վնասներ արձանագրուին եւ երկիրը պահպանուի տնտեսական եւ ապահովական ցնցումներէ:

Ժոմպլաթ մերժեց կատարուած իրողութեան կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան շրջանի երկարաձգումը:

Ժոմպլաթ դիտել տուաւ նաեւ, որ ինք չի զօրակցիր խորհրդարանին կէս առաւել մէկ մեծամասնութեամբ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան, որովհետեւ այդ դրութիւնը քրիստոնեայ համայնքին հաշուոյն գործուած սխալ մը կ՛ըլլայ:

Սուրիոյ զարգացումներուն անդրադառնալով` Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք կը մաղթէր, որ ոմանք առաջին իսկ վայրկեանէն չհաւատային, թէ կարելի էր դրամով յեղափոխութիւն իրագործել եւ գրաւներ դնել նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումին վրայ:

Ժոմպլաթ աւելցուց, որ շատեր գրաւներ դրին Ասատի տապալումին առումով, «սակայն անոնց ճշդած ժամկէտները անցան, իսկ Ասատ մնաց, եւ եթէ այսօր Ասատ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրէ, ապա ան յաղթական դուրս կու գայ», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Այն Ժողովուրդները, Որոնք Իրենց Անցեալը Կը Մոռնան, Ապագայ Չունին»

Յաջորդը

Սաֆատի. «Սուրիացի Գաղթականներուն Պէտքերը Հոգալու Հարցով Լիբանան Նիւթական Օժանդակութիւն Խնդրած Է Եւ Ոչ Թէ Փոխատուութիւն»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.